Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դարձեալ Պուրճ Համուտի Մէջ Ազգային Կեդրոնական Դպրոցի Մը Կառուցման Առթիւ. Հայեցի Դաստիարակութիւն` Հայկական Վարժարանի Տարտամ Կնիքը

February 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

22415_TbrotsՍփիւռքի մէջ, երբ կը խօսինք հայկական վարժարաններու իւրայատկութիւններուն մասին, «հայեցի դաստիարակութիւն» հասկացողութիւնը  անմիջապէս կու գայ գրաւելու այդ ցանկին պարագլուխի դիրքը: Բայց թէ ճիշդ ի՞նչ կը հասկնանք հայեցի դաստիարակութիւն ըսելով, թէ ի՞նչ կ՛ընդգրկէ անոր բովանդակութիւնը, ուրկէ՞ սկիզբ կ՛առնեն եւ ո՞ւր կ՛աւարտին անոր եզրերը, գոնէ ժամանակակից կտրուածքով, յստակ չեն թուիր ըլլալ, նոյնիսկ կրթական դաշտի մշակներուն մօտ: Միանշանակ սահմանումի մը բացակայութեան, վերջիններէն իւրաքանչիւրը, ըստ իր սեփական հայեցողութեան եւ  իմացական մակարդակին, մեծ մասամբ ինք կ՛որոշէ ե՛ւ հայեցի դաստիարակութեան բացատրութիւնը, ե՛ւ անոր կիրարկման ձեւերը: Հետեւաբար նման որեւէ հաւաքական աշխատանք, որ զուրկ է ընդգրկուն ռազմավարութենէ ու կ՛ընթանայ պատահականութեան պարտադրած կշռոյթով, այս մէկուն հասողութիւնն ալ կը մնայ թերի ու սահմանափակ` նօսրացման մատնելով այն ուրոյն բարեմասնութիւնները, որոնք կը զատորոշեն հայկական վարժարան յաճախող աշակերտը այլ աշակերտներէ:

Այնուամենայնիւ, արդար պիտի ըլլայ միաժամանակ հաստատել, որ հայեցի դաստիարակութեան գիտական չոր սահմանում մը ճշդելը դիւրին գործ մը չէ, որովհետեւ անիկա թէ՛ միտք, թէ՛ ոգի եւ թէ՛ ապրելակերպ ջամբելու եռանկիւն առաքելութիւն մըն է: Մէկ խօսքով, սերունդէ սերունդ հայկականութիւն փոխանցելու լայնածիր ու բազմաճակատ աշխատանք մը, որուն բիւրեղացումը կատարելը, այդուհանդերձ, անհնար չէ: Պահանջուածը պարզապէս համապատասխան ճիգի ու ժամանակի ներդրումն է, այդ ընդգրկուն գաղափարը առարկայականօրէն քննելու, գնահատելու եւ եզրակացութիւններու յանգելու ի խնդիր:

Այդ բոլորը մեկնարկելէ առաջ, սակայն, նախ պէտք է քաջաբար ընդունիլ, որ սփիւռքեան վարժարաններուն մատուցած ազգանուէր ծառայութիւնը, հայեցի դաստիարակութենէն միս ու ոսկոր երկնելու, այսօր մեծ տոկոսով չ’արդարացներ իր վրայ դրուած յոյսերը: Սոսկ հայախօսութեան սատարումը, հայոց պատմութեան ու գրականութեան ծանօթացումն ու Ցեղասպանութեան հերթական ոգեկոչումը, հայկականութիւն աւանդելու առաքելութեան մէջ կենսական դերակատարութիւն ունին անկասկած, սակայն անոնց գումարը փաստօրէն տակաւին բաւարար չէ կերտելու ինքնուրոյն հայ անհատը: Վկայ հայկական վարժարաններէն սերած աշակերտներու այն մեծ թիւը, որոնց աշխարհայեացքային նմանութիւնները շրջապատի հասարակ որեւէ աշակերտի հետ շատ աւելի ցայտուն են, քան` հայկականութիւն խորհրդանշող որեւէ առանձնայատկութիւն: Արդարեւ, ուսում – բարձրագոյն ուսում – արտագաղթ – յանուն լաւ ասպարէզի – յանուն տնտեսապէս աւելի ապահով ապագայի կեանքի միապաղաղ ուղեգիծը այսօր կը բանի որպէս հասարակ յայտարար` որեւէ կրթօճախ յաճախող աշակերտի մօտ: Ու այս կենցաղային շարահիւսութեան մէջ  հայեցի դաստիրակութեան հայկական վարժարանի ձգած դրոշմը ընդհանրապէս միայն մակերեսային ներգործութիւն ունի, ո՛չ աւելին:

Ներկայ իրավիճակի առարկայական այս արժեւորումը, ի՛նք միայն ճամբայ կրնայ հարթել հայեցի դաստիարակութիւն հասկացողութեան վերանայման ու վերասահմանման աշխատանքին, որ հարկադրաբար կատարուելու է վերոնշեալ`միտք – ոգի – ապրելակերպ եռանկիւնի անխզելի ու փոխլրացուցիչ առանցքներուն մէջ: Առանցքներ, որոնց մէջ պիտի աճի, լիարժէք իմացականութեան պարարտ ենթահողի վրայ խարսխուած, ոգեղէն այն հայաշունչ տիպարը, որուն խանդը բաժակաճառերու ու յեղափոխական երգերու աւարտով չի մարիր, այլ կը թարգմանուի համապատասխան ապրելակերպով: Բնականաբար նաեւ որեւէ սակարկութիւն, սոյն առանցքներէն որեւէ մէկուն հաշուոյն, պիտի իմաստազրկէ ու անհեթեթութեան մատնէ մնացեալը, ի դէպ, նաե՛ւ կարողական «հայեցի դաստիարակութեան» մը  բովանդակ միտք բանին:

Առ այդ, ներհայկական հրատապ օրակարգերու յորդաբուխ ցանկին վրայ, մանաւանդ Պուրճ Համուտի մէջ կառուցուող հայկական կեդրոնական վարժարանի առթիւ, հարկ է տեղադրել նաեւ «հայեցի դաստիարակութեան» քննութեան ու գնահատման հրամայականը,  որուն արդիւնքով հայկական վարժարանը պիտի վերստանձնէ գլխագիր Հայ Աշակերտը կերտելու իր պատմական յանձնառութիւնը:

Ցեղասպանութեան 100-ամեայ ոճրագործութեան հակադարձելու աւելի պատշաճ ու համարժէք գործունէութիւն սփիւռքի մէջ դժուար է պատկերացնել այսօր:

Նախորդը

Տեսակէտ. «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» Եւ… «Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքներուն Յաղթահարում»-ը

Յաջորդը

Եւրօ՞, Թէ՞ Տրախմա

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.