Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Կազմակերպած Միջինքի Ձեռնարկին. «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սեմին Պէտք Է Խորհրդածել Մեր Ազգային Ու Եկեղեցական Աւանդութեանց Մասին» Յայտարարեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

February 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22015_jounՀովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 20 փետրուար 2015-ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ Միջինքի յատուկ ձեռնարկ, Անթիլիասի «Քէյֆ» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի, Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանի, եւ թաղական խորհուրդի ատենապետ Սէմ Սիմոնեանի եւ կարգ մը անդամներու եւ հաւատացեալ հայուհիներու հոծ բազմութեան: Սրբազան հօր օրհնութեան աղօթքէն ետք, կազմակերպիչ մարմնի` Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին անունով Սիլվա Գարավարդանեան ողջունեց հիւրերն ու ներկաները եւ  անդրադարձաւ Միջինքի իմաստին ու կարեւորութեան` ազգային, հոգեւոր տօներու եւ աւանդութեանց պահպանման, հայապահպանմա՛ն առաքելութեան մէջ:  Ան թուեց այս առիթով կիրարկուող սովորութիւնները, ինչպէս` ընտանեկան ընթրիք, ուր կը համտեսուին մայրիկին պատրաստած յատուկ խմորեղէնը` քաթաները, որոնցմէ մէկուն մէջ զետեղուած մետաղեայ դրամը գտնողը կ՛ունենայ յաջող եւ բարեբեր տարի մը: Նմանապէս` այս առիթով կարելի է Աստուծմէ խնդրել դժուար հարցերու լուծումն ու փափաքներու իրականացումը: «Յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, հայուհիներու, ձե՛ր մասնակցութիւնը Միջինքի եւ նման ձեռնարկներու` պատասխան մըն է թուրքին, թէ հայուհին, հա՛յը պիտի շարունակէ պահել իր ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը, կառչած մնալով իր աւանդութեանց, սովորութիւններուն եւ հայ եկեղեցւոյ հաւատքին ու տօներուն», ընդգծեց Գարավարդանեան` նշելով, որ Միջինքը մեզ կը մօտեցնէ մեր կրօնին, առաւել եւս կ՛ամրագրէ մեր հաւատքը եւ անիկա անուղղակի կոչ մըն է` ծառայասիրութեան, ծնողասիրութեան, զոհաբերութեան, ներողամտութեան եւ  ժուժկալութեան: Գարավարդանեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` այս ձեռնարկին իր հովանաւորութեան ու ներկայութեան համար: Նմանապէս ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի ճաշերը պատրաստած տիկիններուն եւ բոլոր նուիրատուներուն:

Այս առիթով Շահէ եպս. Փանոսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` ընդգծելով, որ Միջինքի առիթով ճաշի սովորութիւնը հայ մայրերը, հայ տիկիններն են, որ ստեղծած են: «Մեծ պահոց շրջանը յատուկ կերպով եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած քառասնօրեայ ժամանակամիջոց է, որպէսզի գէթ այդ շրջանին փորձենք Աստուծոյ պատուիրաններով ապրիլ, ի վերջոյ եկեղեցին մեր հաւաքական տունն է», ընդգծեց սրբազան հայրը եւ աւելցուց. «Ձեր այս միատեղ ներկայութիւնը առիթ է խորհելու բոլոր այն աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին, որոնք մեզի փոխանցուած են մեր նախորդներուն կողմէ, աւանդութիւններ, սովորութիւններ, որոնք ունին ազգային դրոշմ եւ այս բոլորը մեր կեանքի նեցուկներ են եւ անհրաժեշտ է, որ այդ բոլորը պահենք, ապրինք եւ փոխանցենք գալիք սերունդներուն»: «Յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին պէտք է անտարբեր չգտնուինք ու խորհրդածենք այս բոլորին մասին ու մեր հաւատքով ու կեցուածքով բնորոշենք ապագան», թելադրեց սրբազան հայրը: Ան ողջունեց ու գնահատեց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը, թաղական խորհուրդը եւ յարակից մարմիններն ու անոնց գործունէութիւնը:

Այս առիթով եղան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ, իսկ երգչուհի Աննա Հարպոյեան իր հայկական ժողովրդային ու աշուղական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը` ընկերակցութեամբ ձայնի հաղորդավար Քրիստ Արապեանի:

 

 

 

Նախորդը

ԱՖՀԻԼ Կը Ստանձնէ Ազդակ App-ի Հովանաւորութիւնը

Յաջորդը

Հայ Համալսարանաւարտներու Շարժապատկերի Փառատօն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.