Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Ասատ Օրինականութիւնը Կորսնցուցած Է Եւ Պէտք Է Հեռանայ»

February 16, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճեն Փսաքի
Ճեն Փսաքի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի` մեկնաբանելով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական ճգնաժամի լուծման մաս կը կազմէ, յայտնեց, որ այդ հարցով Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը չէ փոխուած` յայտարարելով, որ «Ասատ օրինականութիւնը ամբողջական կերպով կորսնցուցած է եւ պէտք է հեռանայ»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր կարգին երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց, որ Ասատի հեռացումը մաս կը կազմէ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման: Սակայն Տը Միսթուրայի բանբեր Ժիւլիեթ Թումա նշեց, որ 2012-ի Ժընեւի հաղորդագրութիւնը հիմնաքարն է Սուրիոյ ճգնաժամի երկարատեւ քաղաքական լուծման` նշելով. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ (սուրիական) իշխանութիւնները պէտք է նպաստեն լուծումի մը գոյացման, որ վերջ կը դնէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն եւ մարդկային ողբերգութեան»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեանց յայտարարութիւնները, «որոնք երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելու ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն բացայայտ ոտնակոխումներ են»: Նախարարութիւնը նշեց. «Ամերիկեան ու ֆրանսական յայտարարութիւնները կու գան անգամ մը եւս հաստատելու երկու երկիրներուն ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ դաշնակցիլը եւ վերջիններուս իրերայաջորդ պարտութիւններէն ետք անոնց տրամադրութիւնը բարձրացնելու փորձը»:

Նախորդը

Նեթանիահու Կը Ծրագրէ Այս Շաբաթ Հարամ Իպրահիմի Այցելել. Համաս Կը Զգուշացնէ

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի Խամենէի Օպամայի Յղած Է Նամակ Մը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.