Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ 51-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԸ

August 2, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 1 յուլիս 2011-ին, Հայկազեան համալսարանը հպարտօրէն ճամբեց 150 շրջանաւարտներ, Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցիի շրջափակին մէջ կատարուած հանդիսութեան մը ընթացքին: Պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց աստիճաններուն կողքին, կային 14 մագիստրոսի տիտղոսը ստացող ուսանողներ:

Ներկաներուն մէջ էին նախարար զօր. Փանոս Մանճեան, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Միացեալ Նահանգներու Լիբանանի դեսպանատան հանրային գործերու պատասխանատուն` Ռայան Կլիհա, Եու. Էս. Էյտ.ի տնօրէն դոկտ. Ճիմ Պառնհարթ, լիբանանեան բանակի հրամանատարի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնին ներկայացուցիչները, Լիբանանի եւ Սուրիոյ Աւետարանական սինոտի Գերագոյն խորհուրդի նախագահը` վեր. Սելիմ Սահիունի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Գեղամ արք. Խաչերեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, կղերականներ, համալսարանի հոգաբարձական կազմի անդամներ, ծնողք, հարազատներ եւ բարեկամներ. ընդամէնը` աւելի քան 1100 հիւրեր:

Հանդէսը սկսաւ շրջանաւարտներուն եւ դասախօսներուն մուտքով, որուն յաջորդեցին լիբանանեան քայլերգն ու համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Կրեկորի Լի-Փարքըրի աղօթքը: Ապա համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան երեք լեզուով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց հաւասարակշիռ կեանք ունենալուն կարեւորութիւնը: Ան նշեց, թէ Հայկազեան համալսարանը ուղղակի թէ անուղղակի կերպերով կը սորվեցնէ, թէ պէտք է բարձր գնահատել հաւասարակշռութիւնը:

Օրուան բանախօսն էր Միշել Կոկիկեան` դրամատնային նիւթերու միջազգային յաջողակ մասնագէտ մը, որ լիբանանահայ ծագումով վենեզուելացի մըն է եւ խօսեցաւ Հարաւային Ամերիկայի իր փորձառութեան մասին: Անոր մարդասիրական աշխատանքներէն են «Կոկիկեան» հիմնարկը: Իր յաջողութեան նպաստող ազդակներէն ան նշեց` դժուարութիւններ ակնկալելու եւ անոնց համար պատրաստուելու կարիքը, ամբողջ սրտով աշխատելու եւ ունեցածէն ընկերութեան տալու արժէքը:

Բանախօսութենէն ետք Արձանագրութեան գրասենեակի տնօրէնուհի Անայիս Ֆերմանեան, համալսարանին  երկու դպրոցներուն տնօրէնները` դոկտորներ Արտա Էքմեքճի եւ Ֆետի Ասրաուի, ինչպէս նաեւ նախագահ Հայտոսթեան շրջանաւարտներուն յանձնեցին անոնց վկայականները:

Ուսանողներուն կողմէ խօսք առին` Տիմա Մաթթա (անգլերէն) եւ Կարօ Քէօրքիւնեան (արաբերէն): Համալսարանի քայլերգէն ետք, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահը` վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան տուաւ առաքելական օրհնութիւնը, եւ ապա ուսանողները բակէն դուրս գալով` շնորհաւորութիւններ ընդունեցին:

Վկայականներ ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Պսակաւոր արուեստից վկայական`

Ռուբէն Ալիքեան, Գէորգ Արոյեան, Ազատ-Սեւան Ադամեան, Հերա Աթարեան, Ռիթա Պապուճեան, Տաթեւիկ Պաքալեան, Կարապետ Պասմաճեան, Շաղիկ Պելիքրքեան, Գառնի Պողչալեան, Յարութիւն Տեկիրմենճեան, Քրիսթոֆ Տեմիրճեան, Անթոնի Տէր Պօղոսեան, Մարի-Լուիզ Տոնպուրեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Գոհար Իտ, Լոռիկ Կարապետեան, Ցոլեր Կրպոյեան, Յակոբ Ղազարեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Ժերար Կիւլկիւլեան, Արա Հալաճեան, Միսաք Հարմանտարեան, Նայիրի Իսկենեան, Սարգիս Չիֆթճեան, Զեփիւռ Չոքաքլեան, Յովիկ Ճուպանեան, Սարին Ճուլֆայեան, Վահան Գալայճեան, Մհեր Գնտոյեան, Կարին Գաբրիէլեան, Ռիթա Գաբրիէլեան, Քրիսթիան Գարատաղլեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Մարիա Գարագուլեան, Կասիա Գարամանուկեան, Պօղոս Ղարիպեան, Սինթիա Գասպարեան, Ազատուհի Քէշիշեան, Սեւակ Քեսթենեան, Կարօ Քէօրքիւնեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Կարէն Խայաթ, Անդրանիկ Խտրլարեան, Արփա Խօշեան, Սարին Գրիգորեան, Սարին Գուլեան, Սերժ Քիւրտեան, Վերա Մահտեսեան, Դալար Մանտոյեան, Նորա Մարտիրեան, Սիրուն Մազմանեան, Լեւոն Նաճարեան, Անդրանիկ Նարկիզեան, Արազ Նաշալեան, Շանթալ Նազարեան, Ցոլին Յովսէփեան, Փաթիլ Սանոսեան, Սպիտակ Սարհատեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Թովմաս Սարգիս, Սիմոն Սեֆիլեան, Նաթալի Սվաճեան, Յովիկ Չիլինկիրեան, Պեթի Թովմասեան, Լիանա Ուաքիմեան, Շանթ Ապուշամ, Նաթալի Ատուրեան, Մարինա Աղճեան, Յարութիւն Աքտետեան, Նայիրի Արսլանեան, Ալին Նաքաշեան, Ասատուր Գատուրանեան, Սեզա Քիրիշճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Դալար Մարաշեան, Յակոբ Միհրանեան, Ռոզալին Նալպանտեան, Թելլօ Նիկողոսեան, Մարի Սեմերճեան, Մարիա Սոլաքեան, Կարին Թերզեան, Արազ Գոճայեան, Վարդ Ջանկուլեան:

Պսակաւոր գիտութեանց վկայականներ ստացան Սարին Պողչալեան, Լուսին Գարայակոբեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Մեղեդի Քեչեճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Մարիա Շահպազեան, իսկ Մագիստրոսի աստիճանի տիրացան  Անի-Սանտրա Պարիկեան, Անի Նաճարեան, Անի Առաքելեան, Կիւլիզար Պալեքեան, Մարի Ղազարեան, Կերի-Լէոն Զէյթունալեան:

Նախորդը

«ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆ

Յաջորդը

«ԶՂՋՈՒՄԻՆ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԸ» ԳԻՐՔԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ. ՀԵՂԻՆԱԿ` ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ` ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.