Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բացման Հանդիսութիւն` Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 4-րդ Նորաշէն Յարկին

February 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20715_Patsoum-1Շաբաթ, 7 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 4-րդ նորակառոյց յարկի բացման հանդիսութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին:

Բացման հանդիսութեան պաշտօնական արարողութենէն` ժապաւէնի հատումէն ետք, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի քայլերգները, ապա Սոնիկ Բամպուքեանի մեկնաբանութեամբ «Ծիծեռնակ» երգին ընթացքին վարժարանին  աշակերտները բեմական արտայայտութեամբ կառուցեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի պատկերը:

Բացման խօսքով Գէորգ Յակոբճեան ըսաւ, թէ «հարիւր տարի առաջ ծիծեռնակը բոյն կը շինէր, սակայն թուրքը փորձեց ոչնչացնել զայն: Հարիւր տարի անց, ծիծեռնակը դարձեալ բոյն կը շինէ: Ծիծեռնակը այսօր այցելած է Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան ու հայու անպարտելի կամքին դրսեւորումով պաշտօնական բացումը կը յայտարարէ մարդակերտումի այս դարբնոցին 4-րդ նորակառոյց յարկին»: Ապա ցուցադրուեցաւ վարժարանին  պատմական ու նորակերտ յարկին աշխատանքները ամփոփող տեսերիզ մը` Յովիկ Յակոբեանի պատրաստութեամբ:

Գեղարուեստական բաժինով, «Կիլիկիա» մաղթերգի նուագակցութիւնը կատարեցին երգեհոնի վրայ` Լիւսի Ղարիպեան, եւ ջութակ` Գէորգ Ներսէսեան: Անոր յաջորդեց ասմունք` «Վաղուան տունը», Մուշեղ Իշխանի համադրութեամբ, կատարողութեամբ Սարին Փօլատեանի: Յակոբ Փամպուքեան եւ Սերուժ Գուճանեան հրամցուցին երաժշտական կտոր մը կիթառի նուագակցութեամբ: «Բարի արագիլ» եւ «Հայաստան» երգերով ելոյթ ունեցան Կարօ Նագգաշեան, Սերժիօ Ահարոնեան եւ Սոնիկ Փամպուքեան:

Վարժարանի տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ շեշտեց, թէ գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ հայ դպրոցին անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային  կեանքին մէջ: Ան նշեց, որ ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է հայ դպրոցը պահել իր յառաջապահ դերին մէջ, իսկ այդ յառաջապահութիւնը կը կարօտի տնտեսական եւ բարոյական անվերապահ զոհողութիւններու: Վարժարանի 4-րդ յարկի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը պատեհ առիթ նկատելով` Պոյաճեան մեծապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս հսկայական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ այս ծրագիրի յաջողութեան իր մեծածաւալ ներդրումը բերած բարերար Վարուժ Ներկիզեանին` համագործակցութեամբը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Պանք օֆ Շարժա» եւ «Էմիրէյց Լեպանոն» դրամատուներուն:

4-րդ յարկի կառուցման ու արդի սարքաւորումներով կահաւորման աշխատանքներուն իր զօրակցութիւնն ու գնահատելի ներդրումը ունեցած Վարուժ Ներկիզեանի պարգեւատրումը կատարուեցաւ ձեռամբ հոգեւոր տիրոջ եւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի:

Ներկիզեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ որեւէ եկեղեցւոյ կամ դպրոցի շինութիւնը, թէկուզ այդ ըլլայ ժամանակաւոր, ունի իր կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ բոլոր հայերը դարերէ ի վեր եղած են ուսումնատենչ եւ յաջողակ անձեր, այդ պատճառով հայերէն ձերբազատիլ ցանկացող անձեր թիրախ ընտրած են դպրոցներն ու եկեղեցիները` հայերը ոչնչացնելու եւ ջլատելու համար: Հետեւաբար, Ներկիզեան մեծ պատիւ զգալով իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը մատուցած էր Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի 4-րդ յարկի կառուցման աշխատանքներուն:

Ապա, խօսք առաւ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, որ ըսաւ, թէ այս տարի ձեռնարկեցին Ս. Խաչ-Հարպոյեան երկրորդական վարժարանին զարկ տալ, կառուցել եւ կահաւորել տալով վարժարանի շէնքին 4-րդ յարկը, նկատի առած ըլլալով անոր յարաճուն յաջողութիւնը եւ աշակերտութեան թիւին տարեկան աճը: Ան մաղթեց, որ վարժարանը շարունակէ գործել ի նպաստ հայ նորահաս սերունդներու լաւագոյն ուսումնառութեան` իրենց կրթական առաքելութեան զուգահեռ ապահովելով նաեւ նորահաս սերունդներուն դաստիարակութիւնը` քրիստոնէական, ազգային եւ մարդկային այն արժէքներով, որոնք զիրենք կ՛առաջնորդեն դէպի յուսատու եւ փայլուն ապագայ:

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:

 

Նախորդը

Եգիպտական Դատարան Մը 24 Փետրուարին Թուրքիոյ Դէմ Դատ Մը Պիտի Քննէ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը Միասնական Ոգիով Ու Ամուր Վճռակամութեամբ Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.