Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Շուրջ Ռուս-Ամերիկեան Բանավէճ. Քրեմլինի Մէջ Այսօր Փութին-Հոլլանտ-Մերքել Հանդիպում

February 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փորոշենքօ եւ Քերրի
Փորոշենքօ եւ Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ այցելեց Քիեւ: Ան Ռուսիոյ կոչ ուղղեց` Ուքրանիոյ մէջ անմիջապէս կրակոցները դադրեցնելու եւ ըսաւ. «Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յարձակումը Քիեւի դիմագրաւած մեծագոյն սպառնալիքն է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ իր կարգին Միացեալ Նահանգները զգուշացուց Ուքրանիան զինելէ, «որովհետեւ այդ զէնքը պիտի օգտագործուի Ռուսիոյ քաղաքացիներ սպաննելու համար»: «Միացեալ Նահանգները կը կրեն Ուքրանիոյ մէջ կացութեան վատթարացման ամբողջական պատասխանատուութիւնը», նշեց ան:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց պահեստի զինուորները մարզումի զօրանոցներ կանչելու հրամանագիր մը:

Միացեալ Նահագներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ըսաւ, որ «Ուքրանիոյ տագնապը զինուորական լուծում չունի»` աւելցնելով. «Զինուորական մագլցումի մը մէջ որեւէ շահ չունինք, եւ մենք ճիշդ հակառակին կարեւորութիւնը շեշտենք»: «Միացեալ Նահանգներ կրնան բաւարարուիլ ապահովական մարզին մէջ օժանդակութեան տրամադրումով», ըսաւ Պայտըն:

Մինչ այդ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ յայտարարեց. «Ֆրանսա դէմ է Ուքրանիոյ զինումին եւ անոր` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան»: Եւրոպական Միութեան անդամ պետութեանց պաշտպանութեան նախարարները իրենց կարգին ընդդիմացան Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելու գաղափարին:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ այսօր Քրեմլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ Փութինի, Հոլլանտի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի միջեւ հանդիպում մը:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պատրաստ է Ուքրանիոյ մէջ պատերազմական դրութիւն յայտարարելու, եթէ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ տագնապը աւելի սրի:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Գերագոյն Ռատայի մէջ զինուորական դրութիւն յայտարարելու մասին բանաձեւի նախագիծ մը արձանագրուած է:

 

Նախորդը

Փեսքով Կը Հերքէ Սէուտական Արաբիոյ Հետ «Ասատը Փոխան Քարիւղի» Համաձայնութեան Շուրջ Բանակցութեան Լուրը

Յաջորդը

Յորդանանեան Ռմբաձիգներ Կը Ռմբակոծեն Ռաքքայի Մէջ Գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերը

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.