ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
29 յունուարին, Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, որ պատշաճ քայլով մը հրապարակուեցաւ նոյն օրը` նշեալ յանձնախումբին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին: Ստորեւ` այդ փաստաթուղթին վերաբերեալ նախնական նկատումներ:
Նախ եւ առաջ հռչակագիրը համահայկական ու պատմական փաստաթուղթ մըն է, իսկ երկրորդ` անիկա թէ՛ ներքին սպառման համար է, թէ՛ ալ արտաքին. ահա թէ ինչու անոր մայր օրինակը պահ դրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան¬հիմնարկին մէջ եւ անկէ օրինակ մըն ալ փոխանցուեցաւ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղարին: Հռչակագիրէն բնականաբար կը բացակային շօշափելի, գործնական ու անմիջական քայլերը: Փաստաթուղթին բնագիրը ցոյց կու տայ, որ այդ մէկը ոչ միայն խաղաքարտերը թշնամիին առջեւ չբանալու այլապէս ճիշդ մարտավարութեան մը արդիւնքն է, այլ նաեւ կու գայ ընդգծելու անոր բովանդակած շարք մը կէտերը, որոնք կը շեշտեն պահանջատիրութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին շարունակելիութիւնը, ինչ որ կարեւոր քայլ մըն է վնասազերծելու 100-ամեակին առիթով յառաջացած անտեղի սպասումներու եւ ակնկալութեանց փուչիկն ու անոր պայթումէն յառաջանալիք բարոյահոգեբանական հետեւանքներու վտանգը: Հռչակագիրը «կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` շարունակելու միջազգային պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման համար», «Կ՛արտայայտէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ, ինչի համար կը մշակէ իրաւական պահանջներու թղթածրար` նկատելով զայն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքներու եւ օրինական շահերու վերականգնման հոլովոյթի սկիզբ», «Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակը կը դիտարկէ իբրեւ կարեւոր հանգրուան պատմական արդարութեան համար մղուող պայքարը «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով շարունակելու հոլովոյթին մէջ», ինչպէս նաեւ «հայորդիներու գալիք սերունդներուն» կոչ կ՛ուղղէ` այլ կէտերու շարքին ծառայելու «համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացման»:
Փաստաթուղթը զգացական զեղում մը չէ, այլ` քաղաքական փաստաթուղթ մը, որ հիմնաւորուած է միջազգային օրէնքի սկզբունքներով, ինչ որ բնական է` նկատի ունենալով, որ մուտք կը գործենք մեր պահանջատիրութիւնը իրաւական դաշտ փոխադրելու հանգրուան: Ուշադրութեան արժանի է «Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի» ձեւակերպումը. փաստաթուղթը պետական է, որովհետեւ որդեգրուած է պետական յանձնաժողովի մը կողմէ եւ անոր հրապարակումը անձամբ կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը. այլ խօսքով` փաստաթուղթը յանձնառութեան տակ կը դնէ նաեւ Հայաստանի պետութիւնը:
Հռչակագիրին 8-րդ եւ 9-րդ կէտերը, որոնց մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու եւ դատապարտելու «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ» գործուած ցեղասպանութիւնը եւ յոյս կը յայտնուի, որ այդ «ճանաչումը եւ դատապարտումը կարեւոր կէտ կը դառնան հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման հոլովոյթին համար», կը բացառեն պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացնելու անհրաժեշտութիւնը: Այստեղ կը խօսուի «հայ եւ թուրք ժողովուրդներու պատմական հաշտեցման հոլովոյթին» մասին, այլ խօսքով` անուղղակի կերպով կը նշուի, թէ ցեղասպանութեան ճանաչումը նախապայման մը չէ Հայաստան¬Թուրքիա պետական յարաբերութեանց բնականոնացման համար, սակայն պէտք է նշել, որ նշեալ հրամայականին բացակայութեան իբրեւ հետեւանք, այդ «բնականոնացումը» պիտի շարունակէ մնալ թերի ու խոցելի: Իսկ թէ միաձայնութեամբ որդեգրուած այս փաստաթուղթը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստան¬Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման վիճելի արձանագրութիւններուն վաւերացման հոլովոյթին վրայ` սպասենք ու տեսնենք:


