Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՏԻԼ ԿԱՄ ՉԱՇԽԱՏԻԼ. ՏԱՐԲԵՐ ԽՈԿՈՒՄՆԵՐ

August 1, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Աշխատիլ կամ չաշխատիլ» արտայայտութիւնը շէյքսփիրեան «Ըլլալ կամ չըլլալ»-ուն նման թերեւս կ՛արտասանենք մեր ներկայ անորոշ, անգործ վիճակներուն մէջ: Եկէք` մտածենք, թէ արդեօք պէ՞տք է աշխատիլ, թէ՞ ոչ: Բայց անշուշտ` աշխատիլ, եթէ գործ կայ:

Պէտք է աշխատիլ, քանի որ կան կարեւոր պետական եւ անձնական ծախսեր`  ելեկտրականութիւն, հեռաձայն, ջուր, ինքնաշարժ, պտոյտ-ճամբորդութիւն, հիւանդութիւն, դեղեր, տարեդարձ, ապագայ «շտկել», բարիք` քիչ մը…:

Կան նաեւ այլատեսակ, թերեւս քիչ մը անկարեւոր ծախսեր.

  • Քանի մը զոյգ կօշիկներուն վրայ աւելցնել պէտք է. նորոյթէն ըլլալը նախընտրելի է:
  • Երկու հեռատեսիլ ունենալը պայման է. ընտանիքի ամէն մէկ անդամ բան մը պիտի դիտէ:
  • Դրացին նոր համակարգիչ մը ունի. մենք աւելի լաւերը կ՛ուզենք:
  • Երրորդ հեռաձայն մը եւ երկրորդ ինքնաշարժ մըն ալ լաւ կ՛ըլլայ. ամէն մարդ ունի:
  • Անշուշտ մասնավճարներ ունինք, ամէնուն պէս:
  • Պարտքեր կան, պէ՛տք է որ ըլլան:
  • Նաեւ կ՛արժէ անդրադառնալ հեռատեսիլի կամ ճամբու վրայի ծանուցումներուն մասին, որոնք առանց քեզի հարցնելու` կ՛որոշեն, թէ դուն ի՛նչ բաներու պէտք ունիս, նաեւ զեղչերու վերջին լուրերով միտքդ կը լուսաւորեն:

Չէ՛, սխալ մի՛ հասկնաք, դէմ չենք այսպիսի պէտքերու եւ արդիական դիւրութիւններու. սակայն երանի՜ այն օրերուն, երբ ամէն բան յարգի եւ քիչ էր: Լսած ենք, որ հեռատեսիլ դիտելու համար շատ մը դրացիներ կը հաւաքուէին: որպէսզի միասին դիտեն… Կամ թերեւս, ստիպուած, քիչով գոհացող էին այն ատեն. կ՛երեւի բազմատեսակ եւ շատ առարկաներ չկային:

Ինչ կը վերաբերի այլ նիւթի մը, հարցումով մը կը շարունակենք: Անկար անձ մը արդեօք պէտք է աշխատի՞, թէ՞ ոչ: Պատասխանելէ առաջ յիշենք, թէ կան անկար մարդիկ, որոնք կրնան գոնէ նստակեաց աշխատիլ: Սակայն շրջապատը, գործի տեղը, տնօրէններ… ձեւով մը արգելք կը հանդիսանան անոնց, քանի որ տակաւին անկարներ ընդունելու պատրաստ չեն: Անկարը արդէն կամաց է կ՛ըսեն, թող տունը հանգիստ ընէ: Բայց մենք կ՛ըսենք, ան հաւատարիմ է իր գործին մէջ: Աւելի զննենք: Ինչո՞ւ աշխատի անկարը:

  • Դրա՞մ շահելու համար. քիչ պատճառ չէ:
  • Որովհետեւ ուսանա՞ծ է. ինչո՛ւ չէ:
  • Որպէսզի ինքզինք փաստէ՞, Թերեւս:
  • Որովհետեւ տունը կը ձանձրանա՞յ. չեմ կարծեր:
  • Արդե՞օք ան ակամայ Եւրոպա երթալո՞ւ պիտի ստիպուի երազել, ուր կ՛ըսեն, թէ անկարներու իրաւունքները պաշտպանուած են, թէ՞ աւելի լաւ է տունը նստի եւ հեռատեսիլին գերի ըլլայ: Գոհունա՞կ պէտք է ըլլայ այս հանգիստով:

MS հիւանդութեանս վիճակը յամրընթաց ձեւով կը վատթարանայ եւ ակամայ անգործ մնալով` նոր գործի առիթներու դիմելու սկսայ: Կարդալով նախկին ինքնակենսագրական-դիմումներս, թերեւս մոռնալով վիճակս, դեռ գործի դիմումնագիրներ կը ղրկեմ, կը կանչուիմ հարցազրոյցի, կ՛ուրախանամ, ԲԱՅՑ երկիւղէս չեմ երթար, թերեւս գործի տեղը շատ աստիճաններ կան եւ այլ արգելքներ… Արդեօք մարդ իր վիճակը չընդունելով` ինքզի՞նք կը ցաւցնէ, թէ քանի որ կեանքը կը շարունակուի,  ինքզինք հին երազներով պէտք է օրօրէ: Յաճախ կը մոռնամ, թէ անկար եմ, վրաս հագուելով` կը պատրաստուիմ գործի երթալու: Դեռ կը հաւատամ, որ կրնամ աշխատիլ: Արդեօք բնական բնա՞զդ մըն է այս, որ մեզ աշխատանքի կը մղէ: Կամ` գոհունակ չըլլա՞լն է:

Աշխատիլ կամ չաշխատիլ խօսքը ծանր կը թուի այս օրերուն: Բայց վերջակէտ մը դնենք եւ վայրկեան մը մտածենք գոհունակ ըլլալու մասին: Կը յիշենք, թէ գրուած է` «Սակայն աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է», եւ` «Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով` անոնցմով բաւականանք: (Ա. Թուղթ առ Տիմ. 6:6,8 ): ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ գտնենք: Ի՞նչ կ՛ըսէք: Պէտք է աշխատիլ, չէ՞, եւ թերեւս գիտենք` ինչո՛ւ:

ՍԱԼԲԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

E-mail: [email protected]

Նախորդը

ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՏԱՐԱԾԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ…

Յաջորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ` ՕԳՈՍՏՈՍ 13-21. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՆԴԱՄ ՊԵՐՃ ՀԱԼԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.