Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մէջ. Այսօր «Փերինչեք Ընդդէմ Զուիցերիա» Գործով` Զուիցերիոյ Բողոքարկման Քննութիւնը

January 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12715_ECHRԱյսօր Սթրազպուրկի մէջ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» գործով` Զուիցերիոյ բողոքարկման քննութիւնը:

9 մարտ 2007-ին զուիցերիական դատարանը երկրին քրէական օրէնսգիրքին 216-րդ յօդուածին հիմամբ դատապարտած էր թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքը` զինք նիւթական եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար:

Զուիցերիոյ Վօ քանթոնի վերաքննիչ դատարանն ու Դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժած էին 9 մարտի դատավճիռին դէմ Փերինչեքի ներկայացուցած բողոքը: 17 դեկտեմբեր 2013-ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Փերինչեքի հայցը:

Զուիցերիոյ կառավարութիւնը 17 մարտ 2014-ին հայց ներկայացուցած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին` «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» գործը Գերագոյն պալատ փոխանցելու խնդրանքով:

Հայաստան եւ Թուրքիա գործին մէջ ներգրաւուած են իբրեւ երրորդ կողմեր:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Փերինչեք շուրջ 200 հոգինոց պատուիրակութեամբ մեկնած է Սթրազպուրկ: Սակայն նախքան այդ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը արդէն մէկ անգամ իրենց օգտին «համարձակ վճիռ» արձակած է, եւ այժմ ալ կ՛ակնկալեն, որ նոյնը տեղի ունենայ նաեւ այս անգամ:

«Լաւ լուրերով պիտի վերադառնանք», յայտարարած է Փերինչեք:

«Բոլորս ալ գիտենք, որ ասիկա Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող դատավարութիւն չէ: Ասիկա խտրականութեան ենթարկուելու, ետեւէն հարուած ստանալու առնչուած է», ըսած է ան:

Յայտնենք, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը ներկայ պիտի գտնուի «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» գործի քննութեան:

 

Նախորդը

Զարիֆի Հաստատումով` Հայ-Իրանեան Երկաթուղիի Կառուցման Վերաբերեալ Եռակողմ Լաւ Որոշումներ Տրուած Են

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրօ-Ռակ Կեդրոնական Վարչութիւն Հանդիպում Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։