Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղարաբաղեան Ուժերուն Կողմէ Ձեռնարկուած Կանխարգելիչ Գործողութիւններուն Հետեւանքով Հակառակորդը Տուած Է 14 Զոհ, 20-էն Աւելի Վիրաւոր

January 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12515_artsakhՀամաձայն Արցախի պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն,  անցած շաբթուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 1800 անգամ` հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 20000 կրակոց:

Նոյն ժամանակահատուածին մէջ ազրպէյճանական բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները շփման գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ ձեռնարկած են երկու տասնեակէ աւելի հետախուզական ներթափանցման փորձեր, որոնք,  հանդիպելով հայ դիրքապահներու կուռ պաշտպանութեան, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած են իրենց դիրքերը:

«Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ հակառակ անոր որ ազրպէյճանական կողմը այդ երկրի նախագահի 24 սեպտեմբերի 2014-ին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զօրքերու  շփման գիծին վրայ անվտանգութեան շարք մը կանոններու  վերաբերեալ» հրամանագիրէ ետք լիովին կասեցուցած է սեփական զինուժին վերաբերող ցանկացած բացասական, առաւել եւս` շփման գիծին վրայ ձախողումներուն վերաբերող տեղեկատուութեան հրապարակումը, այնուամենայնիւ պաշտպանութեան բանակի  տրամադրութեան տակ եղած միջոցներու կիրարկումով պարզուած է, որ նշուած ժամանակամիջոցին մէջ նախայարձակ հակառակորդը` ղարաբաղեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններուն հետեւանքով տուած է առնուազն 14 մեռեալ, 20-է  աւելի վիրաւոր, ջախջախուած է մէկ հրամանատարական եւ  զինուորներ տեղափոխող «Սաթքօ» տիպի մէկ մարդատար փոխադրակառք:

Պաշտպանութեան բանակը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով ոչ միայն վստահօրէն կը կատարէ իր առջեւ դրուած զինուորական խնդիրը, այլ նաեւ ըստ անհրաժեշտութեան կը ձեռնարկէ մարտավարական նշանակութեան պատժիչ գործողութիւններ եւ կը ճնշէ հակառակորդին  դրսեւորած աշխուժութիւնը», կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Շաւարշ Քոչարեան. «Պաքու Կը Թաքցնէ
Տասնեակ Սպաննուածներու Մասին
Տեղեկութիւնը»

12515_ShavarshԸստ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի , Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը թաքցնէ իր սադրանքներուն պատճառով ունեցած տասնեակ մահերու մասին տեղեկատուութիւնը:

«Պաքուի վարչակարգը ամէն գնով իր իշխանութիւնը երկարաձգելու եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդին հաշուոյն կուտակուող սեփական հարստութիւնը բազմապատկելու համար, կը վճարէ իր երիտասարդ զինուորներուն արիւնով, նախաձեռնելով նորանոր արկածախնդրական  սադրանքներու: Նման սադրանքներով Պաքուն միայն կը նպաստէ միջազգային հանրութեան կողմէ իրերը իրենց անունով կոչելու սկիզբ առած հոլովոյթին», յայտարարած է Շաւարշ Քոչարեան` պատասխանելով հայաստանեան լրատու կայքի մը հարցումին, թէ «Ի՞նչ շարժառիթներով Ազրպէյճան իր արկածախնդրական  գործողութիւններով կը սրէ իրավիճակը»:

Շ. Քոչարեան ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած զինուորներուն հարազատներուն: «Հայկական կողմի իւրաքանչիւր կորուստ խոր ցաւ է մեզի  համար», ըսած  է ան:

 

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Կը Քննարկէ 24 Ապրիլին Երեւան Այցելելու Հարցը

Յաջորդը

Հայ Պասքեթպոլիստները Սկսան Նախապատրաստուելու Համահայկական Խաղերուն

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.