Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում Հոլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բարձրաստիճան Պատուիրակութեան Հետ

January 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

niderՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբը 20 յունուարին տեսակցած է Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն Եոհան Վերպոմ, հայեցակարգային համակարգող աշխատակից Մաթէյս Սխրոթեր եւ  հայեցակարգային աշխատակից Մանիա Սիմոնս:

Հայ դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէին  Մասիս Աբրահամեան, Աննա Մովսէսեան եւ Սեպուհ Աբրահամեան:

Մասիս Աբրահամեան ներկայացուցած է հոլանտահայութեան սպասումները Հոլանտայի կառավարութենէն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Ան նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը աշխարհի բոլոր երկիրներու  ղեկավարները կը հրաւիրէ 24 ապրիլ 2015-ին ներկայ գտնուելու Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յարգելու մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Սակայն հայ ժողովուրդը յատկապէս կը սպասէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներէն, որ կ՛ապահովեն իրենց ներկայութիւնը:

Բացի ատկէ, հոլանտահայութեան համար չափազանց կարեւոր է կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայութիւնը այստեղ, Հոլանտայի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն:

Ե. Վերպոմ յայտնած է, որ ստացած են պաշտօնական հրաւէր Հայաստանէն, սակայն տակաւին որոշում չէ տրուած այցելութեան վերաբերեալ: Նոյնպէս կը քննարկուի կառավարութեան մասնակցութեան հարցը` Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն: Այս պարագային նոյնպէս առայժմ ոչինչ յստակ է:

Մ. Աբրահամեան խօսած է թրքական քարոզչական մեքենայի նոր սադրանքներուն մասին, կապուած Կալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակը 24 ապրիլին նշելու յայտարարութեան: Երբ Հոլանտայի կառավարութիւնը պարբերաբար կը նշէ երկկողմանի բանակցութիւններու մասին, արդեօք կառավարութեան մօտ կա՞յ յստակ պատկերացում Թուրքիոյ վերաբերեալ` իբրեւ բանակցող կողմ:

Հայ դատի յանձնախումբին կարծիքով` Հոլանտայի կառավարութիւնը աւելի հետեւողական պէտք է գտնուի 2004 թուականի Ռաուֆութի բանաձեւի պահանջներուն իրականացման մէջ: Որքան յստակ ըլլայ դիրքորոշումը Թուրքիոյ նկատմամբ, այնքան պարզ կ՛ըլլան Թուրքիոյ ներկայացուող պահանջները: Հակառակ պարագային, հեղհեղուկ կեցուածքի պարագային, թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ իր մերժողականութեան եւ զեղծարարութեան քաղաքականութիւնը:

Տեսակցութեան ընթացքին նաեւ քննարկուած են այլ հարցեր` կապուած Թուրքիոյ երկդիմի եւ  կողմնակալ քաղաքականութեան, մասնաւորապէս Արցախի պարագային:

Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը ուշադրութեամբ լսած է եւ  խոստացած արծարծուած բոլոր հարցերը փոխանցել արտաքին գործոց նախարարին:

Մ. Աբրահամեան յոյս յայտնած է, որ ներկայացուած խնդիրները, որոնք ոչ միայն Հոլանտայի մէջ ապրող, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան ակնկալութիւններն են, անպատասխան չեն մնար:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Հայաստան

Յաջորդը

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ Հայաստանը Կրնայ Աւելի Շատ Պատրաստ Արտադրանք Արտահանել

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.