Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Վերահաստատէ Իր Ամբողջական Զօրակցութիւնը Սուրիահայութեան

January 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գերապայծառ Միրիաթեան, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Շահան սրբազան
Գերապայծառ Միրիաթեան, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Շահան սրբազան

Հինգշաբթի, 22 յունուար 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները: Հոգեւոր հայրերը վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին վերջին ամիսներուն ընթացքին շտապ օգնութեան մարմինի կատարած աշխատանքներուն մասին: Անոնք նաեւ պարզեցին սուրիահայութեան դժուարութիւններն ու կարիքները, յատկապէս տնտեսական եւ ապահովական մարզերուն մէջ:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ կատարուող միասնական աշխատանքը եւ անոնց յարատեւ ու նուիրեալ ճիգը օգտակար հանդիսանալու հայ ժողովուրդին կարիքաւոր զաւակներուն: Վեհափառ հայրապետը նաեւ թելադրեց, որ անոնք իրենց յարմար նկատած եղանակով եւ նկատի ունենալով իրենց շրջապատի զգայնութիւնները, հերթական կերպով հրապարակային զեկուցում մը տան շտապ օգնութեան մարմինի կատարած աշխատանքներուն մասին:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ շարունակուող ոչ ապահով պայմաններուն, ազգային-եկեղեցական կեանքը աշխուժ ու կազմակերպ վիճակ մը կը պարզէ: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց հոգեւոր հայրերուն, որ Սուրիոյ պատմական գաղութին վերակազմակերպումը համահայկական ու հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ան ըսաւ, որ պէտք է կառչած մնանք մեր գաղութին, եւ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը սուրիահայութեան նկատմամբ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ամանորեան Բացառիկը Պիտի Ներկայացուի Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Պատմաբան Իւմիթ Քուրթի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.