Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Քոնկրեսին Մէջ Կայացած Ձեռնարկով Մը Ողջունեց Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Ջանքերը

January 23, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ»

Միսաք Քէլէշեան
Միսաք Քէլէշեան
Ձախէն աջ` Քէյթ Նահապետեան, Միսաք Քէլէշեան, քոնկրեսական Էտ Ռոյս, Վանա Կիտցինեան եւ Հերմինէ Փախանեանս
Ձախէն աջ` Քէյթ Նահապետեան, Միսաք Քէլէշեան, քոնկրեսական Էտ Ռոյս, Վանա Կիտցինեան եւ Հերմինէ Փախանեանս

Քոնկրեսի շէնքին մէջ, անցեալ շաբաթ կազմակերպուած իւրայատուկ ձեռնարկով մը, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը առիթ ունեցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին, որուն մարդասիրական ջանքերը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած հարիւր հազարաւոր հայորդիներու կեանքը փրկեց եւ որոշ չափով մեղմացուց անոնց տառապանքը:

Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի եւ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի ու Ճիմ Քոսթայի կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին շարք մը քոնկրեսականներու անձնակազմի ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկին ընթացքին, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի լայնածաւալ գործունէութեան մասին ելոյթ մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» յանձնախումբի անդամ Միսաք Քէլէշեանը, որ երկար տարիներով ուսումնասիրած է այդ մարդասիրական աշխատանքները:

Քէլէշեան շեշտեց, թէ համաամերիկեան ծաւալով եւ 15 տարիներու ընթացքին (1915-1930) իրականացուած մարդասիրական այս արշաւին ընթացքին, կարելի եղած էր 117 միլիոն տոլար (ներկայ արժէքով` մօտաւորապէս 2,7 միլիառ տոլար) հաւաքել եւ օժանդակութեան ձեռք երկարել հայութեան` Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի ու այլ երկիրներու մէջ բացուած մօտաւորապէս 400 որբանոցներու ցանցով, փրկելով Ցեղասպանութեան ականատես մօտաւորապէս 132,000 որբեր: Այլ փոքրամասնութիւններու եւս օժանդակութիւններ տրամադրուած են:

Ձախէն աջ` Վանա Կիտցինեան, Ճիմ Քոսթա եւ Հերմինէ Փախանեանս
Ձախէն աջ` Վանա Կիտցինեան, Ճիմ Քոսթա եւ Հերմինէ Փախանեանս

Միսաք Քէլէշեանի ներկայացումը կարելի է դիտել http://youtube/ssc1Yk5aeTE կայքէջէն:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթա, Էտըմ Շիֆ եւ Ֆրենք Փալոն, ինչպէս նաեւ` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան:

Այս առիթով, Քէլէշեան, Նահապետեան ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» յանձնախումբի համանախագահներ Վանա Կիտցինեան եւ Հերմինէ Փախանեանս հանդիպումներ ունեցան 10 քոնկրեսականներու հետ` անոնց փոխանցելով Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի հերոսական ջանքերուն մասին կենսական տեղեկութիւններ: «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելելwww.americawethankyou.org կայքը:

 

 

 

Նախորդը

Սիմոն Մաղաքեան` Հայ Դատի Համայնքային Հարցերու Համակարգող

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Ներդրումները Ետ Քաշելու Բանաձեւը Վաւերացուեցաւ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.