Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ոչ Հետաքրքրական «Դիմում-Հրաւէր» Մը

January 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

12115_vahoԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցին առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը` հայերուն կոչ ուղղելով փոխյարաբերութեան նոր սկիզբ մը դնելու:

Տինքի տարելիցին առիթով ուղերձի մը հրապարակումը, այդ ալ` Թուրքիոյ վարչապետի մակարդակով, աննախադէպ է, ինչ որ առաջին հայեացքով կրնայ դրական ըլլալու տպաւորութիւն ձգել, սակայն իրողութիւնը այլ է: Տաւութօղլու մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրին եւ խմբագիրներուն սպանութեան առիթով կազմակերպուած քայլարշաւին, սակայն անցնող 8 տարիներուն ընթացքին ո՛չ ան, ո՛չ ալ իր կուսակցութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը մասնակցած են «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետին սպանութեան առիթով տեղի ունեցած հաւաքներուն կամ քայլարշաւներուն: Ակներեւ է, որ Տինքի տարելիցը ընդամէնը «դիմում-հրաւէր»-ը կատարելու պատրուակ մըն է, իսկ շարժառիթը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է:

Տաւութօղլու կ՛առաջարկէ «նոր սկիզբ» մը, զոր կը հիմնէ թրքական աւանդական սխալ, խեղաթիւրուած, հինցած ու մաշած թեզերուն վրայ, որոնք կը պարուրէ զգացականութեամբ եւ կեղծ բարի կամեցողութեամբ, ինչ որ իր ուղերձը կը դարձնէ ոչ հետաքրքրական եւ ժամանակի անիմաստ կորուստ մը: Փորձուածը պէտք չէ փորձել, սակայն թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւնները ճիշդ այդ է, որ կը կատարեն եւ կը շարունակեն մնալ իրենց իսկ հնարած ժխտողական քաղաքականութեան պատանդը:

Տաւութօղլու կը գրէ. «Կիսել ցաւերը, վիրակապել վէրքերը եւ կրկին կարենալ ստեղծել բարեկամութիւն»: Որո՞ւն ցաւերը կիսելու եւ որո՞ւն վէրքերը վիրակապելու մասին է խօսքը: Տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ խօսքը զոհին ցաւերուն եւ վէրքերուն մասին պէտք է ըլլայ, սակայն Տաւութօղլուի` ժխտողականի ակնոցներով դիտուած խօսքը ոճրագործին ու զոհին «ընդհանուր ցաւերուն ու վէրքերուն» մասին է: Ցաւերը կիսելը, վէրքերը կապելը եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ նոր սկիզբ մը չի կրնար Տաւութօղլուի առաջարկած տարազով ըլլալ: Նոր սկիզբը կարելի չէ հիմնել կեղծիքի շարժող աւազին վրայ, այլ միայն` ճշմարտութեան ու արդարութեան ամուր հիմերուն վրայ:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Լսողութեան Տկարացում Եւ Կորուստ» Նիւթով

Յաջորդը

Քուպա. «Պատրաստ Ենք Ուաշինկթընի Հետ Երկխօսութեան, Սակայն Առանց Մեր Արժանապատուութեան Ու Գերիշխանութեան Վնասելու»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.