Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Տրամադրուած Սէուտական Զոյգ Օժանդակութիւնները Ճիշդ Հունի Մէջ Են»

January 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զինուորական կցորդներուն հետ հանդիպումէն պահ մը
Զինուորական կցորդներուն հետ հանդիպումէն պահ մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած սէուտական զոյգ օժանդակութիւնները ճիշդ հունի մէջ են` աւելցնելով, որ անոնց շնորհիւ լիբանանեան բանակը պիտի ստանայ արդի զէնք եւ զինամթերք:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ իրենք ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ արդէն իսկ վերջնական համաձայնագիր ստորագրած են, եւ կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային բանակը ստանայ յարմար զէնքերը:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի նախանցեալ օր Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբական եւ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն զինուորական կցորդներուն տարեկան աւանդական այցելութիւնը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ արաբական աշխարհն ու շարք մը այլ երկիրներ տակաւին կը դիմագրաւեն ահաբեկչութեան հարցը եւ կը պայքարին անոր դէմ:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն, աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթական ընդունելուն, քաղաքական հարցերուն եւ  հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան, լիբանանեան բանակը դէմ դրած է ահաբեկչական լուրջ յարձակումներու, յատկապէս Արսալի եւ արեւելեան լեռնաշղթային վրայ:

Բանակը կրցած է հերոսութիւններ արձանագրել եւ մեծ թիւով ահաբեկիչներ ձերբակալել` զանոնք յանձնելով դատական իշխանութիւններուն:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց նաեւ, որ բանակը հսկած է նաեւ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին համար առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելը առաջնահերթութիւն է:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը` պաշտպանելով Լիբանանի ապահովութիւնն ու լիբանանցիին անվտանգութիւնը:

Նախորդը

Ապու Սաապ Յայտարարեց Պետական Քննութեան Թուականները

Յաջորդը

«Շրջանային Ուժեր Եւ Ուաշինկթըն Համոզուած Են, Որ Թուրքիա Նեցուկ Կը Կանգնի ՏԱՀԵՇ-ին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.