Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «2015-ին Կ՛ունենանք 5-6 Առ Հարիւր Տնտեսական Աճ»

January 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010815ardz2015 թուականը Հայաստանի տնտեսութեան համար շատերը շրջադարձային կը նկատեն, որովհետեւ երկիրը մուտք կը գործէ նոր տնտեսական տարածք` անդամակցելով Եւրասիական տնտեսական միութեան: Ի դէպ, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը կրնայ ինչպէս դրական, այնպէս ալ բացասաբար անդրադառնալ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի, ատիկա կախեալ է կառավարութեան ձեռնարկած քայլերէն, թէ  որքանո՛վ անոնք տրամաբանական կ՛ըլլան:

«Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը 2015-ին մեր տնտեսութեան կրնայ նոր որակ հաղորդել, եթէ մենք ըլլանք նախաձեռնող եւ տնտեսութեան իրական հատուածին մէջ կարենանք կատարել ներդրումներ: Այդ պարագային մենք Եւրասիական տնտեսական միութենէն կրնանք օգուտներ քաղել: Հակառակ պարագային` կը յայտնուինք աւելի ծանր տնտեսական վիճակի մէջ», «Երկիր»-ին  հետ զրոյցին ընթացքին նշած է դաշնակցական պատգամաւորը եւ աւելցուցած. «Ճիշդ այս հանգամանքով պայմանաւորուած է նաեւ 2015-ին տնտեսական աճի ցուցանիշը: Եթէ այս պահու դրութեամբ կը գնահատենք, կը կարծեմ, որ 2015 թուականին մենք կ՛ունենանք 3 առ հարիւրի  ծիրին մէջ տնտեսական աճ, իսկ եթէ  յաջողութեամբ օգտագործենք Եւրասիական տնտեսական միութեան տուած կարելիութիւնները` մաքսային նոր դրութիւն, արտահանման ծաւալներու եւ ներդրումներու յաւելում, ապա կը կարծեմ, որ կ՛ունենանք 5-6 առ հարիւրի ծիրին մէջ տնտեսական աճ», վստահեցուցած է պատգամաւորը:

2014 թուականի աւարտը ակներեւ եղած է սակերու  աճի մեծ ճնշումներով, դրամի կտրուկ արժեզրկման պատճառով առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները սղեցան մինչեւ երկու անգամ: Ճիշդ է, ատոր զգալի մասը պայմանաւորուած էր խուճապային տրամադրութիւններով, բայց սակերու աճի ճնշումները Հայաստանի մէջ կը մնան, եւ ըստ Արծուիկ Մինասեանի` անոնք շարունակական պիտի ըլլան նաեւ 2015-ին: «Որովհետեւ 2015-ին դրամական խարիսխը  ընդարձակելու խնդիր ունինք, սակերու աճը այս տարի պիտի տատանի 5-6 առ հարիւրի  սահմանին մէջ, եթէ արտակարգ դէպքեր տեղի չունենան: Սակերու աճը Կեդրոնական դրամատան կանխատեսած 4 առ հարիւր  առաւել, նուազ 1 առ հարիւրէն աւելի պիտի ըլլայ: Սակերու աճի ճնշումներ պիտի ըլլան յաջորդ տարուան կէսերուն, որովհետեւ  կառավարութիւնը հարկային պիւտճէական իր  քաղաքականութեամբ որոշ բարձրացումներ պիտի ընէ, որպէսզի բնակչութեան գնողունակութիւնը բարձրանայ», նշած է պատգամաւորը:

 

Նախորդը

Էրտողան Կը Խօսի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Թուրքիոյ Ընելիքներուն Մասին

Յաջորդը

Մանոյեան. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարը»

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.