Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացած Է Հայաստան – Թուրքիա Փորձի Փոխանակման Ծրագիրով Երեւան Եկած Լրագրողը

January 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

010815_gaye7 յունուարին Երեւանի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին մէջ մահացած է լրագրող Կայէ Ճոշար, որ 2014 թուականի 26 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած էր: Կայէ Ճոշար 2014 թուականի  նոյեմբերէն «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին մէջ ներառուած էր իբրեւ լրագրող եւ հետազօտող, Թուրքիայէն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի կողմէ իրականացուող փորձի փոխանակման նախագիծով: Նախագիծը Եւրոպական Միութեան դրամական յատկացումով  իրականացուող «Աջակցութիւն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին» ծրագիրի տարրերէն մէկն է: Կայէ Ճոշարի մահուան կապակցութեամբ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կ՛ըսուի.

«Մենք կորսնցուցինք Կայէ Ճոշարը, որ լրագրող էր, թարգմանիչ, մեր լաւ ընկերուհին եւ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի Հայաստան-Թուրքիա փորձի փոխանակման նախագիծին հրաւիրուած մասնագէտներէն մէկը: Հայաստան-Թուրքիա փորձի փոխանակման նախագիծի ծիրին մէջ նոյեմբեր ամիսէն Կայէ Ճոշար կը բնակէր Երեւանի մէջ եւ իբրեւ լրագրող ներառուած էր «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին մէջ 26 դեկտեմբեր 2014-ին պատահած  ինքնաշարժի  արկածէն ետք, տասներկու օր շարունակ Կայէն  կը գտնուէր հիւանդանոց եւ հեռացաւ մեզմէ 7 յունուարի կանուխ առաւօտեան: Մենք կ՛ուզենք  մեր երախտագիտութիւնը յայտնել «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի աշխատակազմին եւ բժիշկներուն` Կայէի կեանքին համար տարուած պայքարին մէջ մասնագիտական աջակցութիւն եւ բացառիկ ջանքեր ցուցաբերելու համար: Մենք լի ենք վիշտով: Գեղեցիկ ժպիտով մեր ընկերուհին  երբեք չի մոռցուիր® Մենք մեր անկեղծ ցաւակցութիւնը կը  յայտնենք Կայէի ընտանիքին եւ անոր սիրելիներուն»:

«Սիվիլիթաս» հիմնադրամը եւս խոր ցաւակցութիւն յայտնած է Կայէի հարազատներուն, ընկերներուն եւ գործընկերներուն:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարը Հայ Երիտասարդներ Պիտի Հրաւիրէ Թուրքիա

Յաջորդը

Էրտողան Կը Խօսի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Թուրքիոյ Ընելիքներուն Մասին

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան  Յարաբերութիւններուն Վերաբերող  Եւ Շրջանային Հարցեր
Հայկական

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Եւ Շրջանային Հարցեր

January 10, 2026
Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան  Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները
Հայկական

Չեղեալ Յայտարարուած Են Հալէպ – Երեւան Եւ Հակառակ Ուղղութեամբ Թռիչքները

January 10, 2026
Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.