Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեհանգիստ Եւ Հաւաք` Ի Յիշատակ Վահան Յովհաննիսեանի

January 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

010415_vah-1Հայ  յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան, հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յետ Ս. եւ անմահ պատարագի կիրակի, 4 յունուար 2015-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ`  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները համախմբուեցան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ  Վահան Յովհաննիսեանի վերջին հրաժեշտը ներկայացնող տեսերիզ մը:

010415_vah-2Սոյն հաւաքին բացումը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան, որ ըսաւ, թէ նորագոյն պատմութեան վերջին 25 տարիներուն գոյութիւն ունէր միայն մէկ Վահան, անզուգական Վահան, եւ որուն անունը կու գայ հարստացնելու ՀՅԴ պատմութեան էջերուն ոսկիէ տառերով դրոշմուած Չաւուշի, Սերոբի, Արամի, Շահէնի, Պետոյի եւ այլ անուններու փաղանգը:

Յիշատակի հաւաքին իր վկայութիւնը տուաւ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան ըսաւ, որ ցաւի համատարած արտայայտութիւնը եւ ժողովրդային յուզումը կը յուշեն, որ մեզմէ հեռացողը, իր վարքով ու գործով,  ազգի ակնկալութիւններով, հաւաքական իղձերուն արտայայտիչներէն մէկը եղած էր: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս գիտութեան մարդն ու խոստմնալից հնագէտը, ղարաբաղեան պահանջատիրական պայքարի օրերուն, շատ մտաւորականներու նման վար դրաւ իր գրիչն ու ինքզինք նետեց հայոց ազատագրական պայքարի նորագոյն դրսեւորման կրակներուն մէջ գտնուելով պայքարի առաջին գիծերուն վրայ:

Ան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, որ Վահանը իբրեւ դաշնակցական գաղափարական զինուոր կը մնայ մեր կողքին, ինչպէս մնացած են Քրիստափորը, Զաւարեանը, Ռոստոմը, Հրայր Դժոխքը եւ հայ ազատագրական պայքարի բիւրաւոր երախտաւորները:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ եթէ հետեւինք մամուլը ողողած ցաւակցական գրութիւններուն, պիտի ափսոսանք անդառնալի կորուստը, եթէ կարդանք Վահան Յովհաննիսեանի ստորագրած ազգային քաղաքական յօդուածները, կը տեսնենք կացութիւնները արագօրէն ըմբռնելու բացառիկ կարողութիւն ունեցող քաղաքական գործիչի բոլոր առանձնայատկութիւնները: Ան երբեք խտրութիւն չէր դներ ասպարէզներուն միջեւ. կը ծառայէր այնտեղ, ուր ինք պիտանի էր եւ օգտակար: Իր մահով բաց մը ստեղծուեցաւ մեր հասարակութեան մէջ, իսկ կարօտի զգացումը երկար ատեն մեզի պիտի ուղեկցի:

Հաւաքին վերջին ելոյթով հանդէս եկաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Ան նշեց,  որ Վահան Յովհաննիսեանի անցած ուղին բազմածաւալ ու բազմաբնոյթ եղած է: Հայ քաղաքական դաշտին մէջ նշանակալի դեր ունեցած է ան յատկապէս Արցախի կայացման տարիներուն, որմէ ետք Ազգային Ժողովի հիմքը կերտողներէն մէկը հանդիսացած է:

Հաւաքի աւարտին ներկաները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին իրարու ու հեռացան իրենց սրտերուն մէջ անզուգական ղեկավար ընկերոջ յիշատակը վառ պահելու խոստումով:

 

 

Նախորդը

Անզուգական Վահանը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Ներթափանցումի Գործողութիւն Կը Կատարէ. Երկու Զոհ` Հայկական Կողմէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.