Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորեայ Պատգամը

January 5, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram_NewYearMessageՀինգշաբթի, 1 յունուար 2015-ին Ս. պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ եւ ժողովուրդը բացուող Նոր տարուան առաւօտուն գոհաբանական ու երախտագիտական զգացումներով իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին ներկաները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճը` լսելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը: Յանուն ներկայ ժողովուրդին եւ միաբանութեան,  Նշան աբղ. Լախոյեան ուղերձ կարդաց:

Նոր տարուան բարեմաղթութիւնները փոխանցելէ ետք վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով վերանորոգուելու հրամայականին` ըսաւ. «Նոր տարին իրեն հետ կը բերէ վերանորոգուելու հաւատքը, յոյսը եւ վճռակամութիւնը: Մարդկային կեանքը կը ճահճանայ, երբ հոսող ջուրին նման չվերանորոգուի: Հետեւաբար այսօր մեր ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, հրամայական կարիքը ունի ինքզինք վերանորոգելու` որպէս անհատ, կազմակերպութիւն, գաղութ, ազգ, եկեղեցի եւ հայրենիք: Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն` դառնալու Քրիստոսի, որպէսզի վերանորոգենք մեր անձերը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով, մեր մէջ վերականգնենք այն մարդը, զոր Աստուած ստեղծեց եւ ուզեց, որ իր հարազատ կոչումը իրագործէ այս երկրին վրայ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու համարատուութեամբ»: Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ ազգային ինքնութիւնը ամրապնդելու հրամայականին մասին` յիշեցնելով, որ պէտք է կառչած մնանք մեր արմատներուն, յատկապէս` ինքնութիւն աղարտող եւ արմատ փճացնող համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց գործնապէս արժեւորելու Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշող 2015 թուականը: «Ցեղասպան թուրքը ջարդեց մեր ժողովուրդին մէկուկէս միլիոն զաւակները, մեր հոգեմտաւոր արժէքները թալանուեցան, քանդուեցան ու կործանեցան: Մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան եւ անհատական կալուածները կողոպտուեցան ու բռնագրաւուեցան: Այս կացութեան դիմաց ո՞ր հայը կրնայ պահանջատէր չդառնալ իր մարդկային ու ազգային իրաւունքներուն: 2015 տարին մեր ժողովուրդին համար պիտի հանդիսանայ պահանջատիրութեան տարի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին յառաջապահ զինուորն է եղած եւ այսօր վերանորոգ հաւատքով ու գիտակից յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութեան պայքարը, այնքան ատեն որ տակաւին մեր ժողովուրդին իրաւունքները բռնաբարուած կը մնան ցեղասպան թուրքին կողմէ»:

Նոր տարուան պատգամէն ետք վեհափառ հայրապետը «Պահպանիչ»-ով օրհնեց ժողովուրդը, ապա երգուեցան «Կիլիկիա»-ն եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան հայրապետական օրհնութիւն եւ բարեմաղթութիւններ կատարեցին իրենց հովուապետին:

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի Ամանորի Շնորհաւորական Ուղերձը

Յաջորդը

Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Եւ Անվտանգութեան Մարտահրաւէրը

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.