Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակից Ուժերու Կողմէ Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Դէմ 29 Յարձակումներ

January 3, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

010215_Turkey-ISILԱմերիկեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց դաշնակիցները Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ 29 օդային հարուածներ կատարած են:

17 յարձակումներ կատարուած են Սուրիոյ մէջ Ռաքքա, Տէր Զօր եւ Արաբ Բունար քաղաքներուն մօտ` թիրախ դարձնելով ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող կառոյցներ, ինչպէս նաեւ անոր դիրքերն ու զինեալ ուժերը:

12 յարձակումներ կատարուած են Իրաքի մէջ Մուսուլի, Ֆալուժայի եւ Սինճարի մօտ գտնուող շէնքերու, ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերու եւ զինեալներու դէմ:

Յարձակումներուն ընթացքին օգտագործուած են ռմբաձիգներ եւ հեռավարով կառավարուող օդանաւեր:

Մինչ այդ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ 2014-ին Սուրիոյ մէջ արձանագրուած է 76,021 զոհ` 2014-ը վերածելով քառամեայ տագնապին ամէնէն արիւնալի տարուան:

Միւս կողմէ, թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը սկսած է Սուրիոյ սահմանակից Քիլիս նահանգին մէջ խրամատներ փորել, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Հալէպ նահանգի Պապ քաղաքին դէմ դաշնակից ուժերու օդային հարուածներէն փախուստ տալով ապաստանած են սահմանին սուրիական կողմը գտնուող ուժանիւթի կեդրոնի մը մէջ:

Թրքական բանակը ապահովական միջոցառումները ամրապնդած է, իսկ Այնթապի մէջ թրքական բանակի կեդրոնէն եկած խմբակներ Քիլիսի մէջ փորած են երեք մեթր լայնքով եւ 2-2,5 մեթր խորութեամբ շարք մը խրամատներ` պաշտպանելու համար սահմանը:

Նախորդը

Սերպիա Ստանձնեց ԵԱՀԿ-ի Նախագահութիւնը

Յաջորդը

Պրազիլի Եւ Չիլիի Մէջ Լիբանանցի Դիւանագէտներու Դէմ Յարձակումներու Լոյսին Տակ. Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պահանջէ Խստացնել Միջոցառումները

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.