Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Տօնական Արձակուրդի Աւարտին`. Հրատապ Հարցերու Լուծման Ճիգերը` «Հանդարտ Կրակ»-ի Վրայ

December 30, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1229_amerigatsi-tesbanՏօնական օրերուն արձակուրդի մթնոլորտը արգելք չեղաւ քաղաքական հանդիպումներու կայացման: Ընդհակառակն` տօնական օրերուն կատարուող շնորհաւորական այցելութիւնները առիթ եղան արծարծելու քաղաքական եւ այլ մարզերու հրատապ հարցեր: Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին անձնակազմին եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն ի պատիւ տեղի ունեցած տօնական հաւաքոյթին անդրադարձաւ երկրի քաղաքական ու ապահովական վիճակին: Անհրաժեշտ նկատելով նախագահի ընտրութիւնը` Սալամ դիտել տուաւ, որ այս գծով ներքին ուժերու կողմէ ձգձգումը դուռ կը բանայ արտաքին միջամտութիւններու: Ան մեծ յոյս յայտնեց կայացող երկխօսութեան ճիգերուն գծով` մաղթելով, որ երկու մեծ ուժերու (Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի) միջեւ երկխօսութիւնը ճամբայ հարթէ նախագահի ընտրութեան բարենպաստ ելքին: Շեշտելով երկրի կազմակերպական կառոյցին գործօն դերի կարեւորութիւնը` Սալամ վերստին ընդգծեց այս կառոյցի առաջին դիրքի` նախագահի դերակատարութեան վերաշխուժացման հրամայական պահանջը: Սալամ զգուշացուց, որ այս աթոռի թափուր մնալը «մեծ վտանգ կը սպառնայ մեզի»:

Նոյն մտավախութիւնը առկայ է նաեւ դիւանագիտական արտաքին շրջանակներու մօտ, ուր ճիգերը նոյնպէս կը շարունակուին «հանդարտ կրակ»-ի վրայ` ենթահող պատրաստելով հրատապ հարցերու բարւոք լուծման: Հոսկէ` ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որ յանձին բարձրաստիճան պատասխանատուներու (Ֆրանսուա Ժիրօ, Ֆրանսուա Ֆիյոն…) մերթ բացայայտ, մերթ քուլիսներու ետին կը շարունակուի:

1229_mag---DPԱնդին Միացեալ Նահանգներ եւ ՄԱԿ չեն ծածկեր իրենց նախանձախնդրութիւնը` նախագահական ընտրութեան հարցի շուտափոյթ լուծման` իբրեւ գլխաւոր ենթահող քաղաքական կայունութեան: Այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ այցելեց վարչապետ Սալամի: Նմանապէս ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի, ընդգծեց միջլիբանանեան երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգողը բարձր գնահատեց վարչապետ Սալամի ճիգերը` երկրի կայունութեան պահպանման գծով: Նոյն ծիրին մէջ, Եգիպտոսի դեսպանը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին փոխանցեց իր երկրի արտաքին գործոց նախարարին` Սամեհ Շուքրիի հրապարակած յատուկ յայտարարութիւնը, ուր Եգիպտոս կոչ կ՛ուղղէ օգտուելու միջլիբանանեան երկխօսութեան պատրաստակամութենէն` ի խնդիր երկրին կայունութեան: Եգիպտացի նախարարը իր յայտարարութեան մէջ կը շեշտէր Լիբանանի առանցքային դերակատարութիւնը շրջանին մէջ եւ հոսկէ` նախագահի ընտրութեան իրականացման հրամայականը:

Նաեւ` Ներքին Ճակատի Վրայ

1438951_1418283288Նախագահի ընտրութեան ու ներքին երկխօսութեան գծով ճիգերը եւ կեցուածքները շարունակուեցան: Հակառակ կարգ մը կողմերու ցուցաբերած յոռետեսութեան` երկխօսութեան հանդիպումներու արդիւնաւէտութեան գծով, այսուհանդերձ ճիգերը շարունակուեցան ամէն գծով յաջոցնելու նման հանդիպումներ: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ լիբանանեան ուժերու աղբիւրներ մօտերս Աուն-Ժահժահ գլուխ-գլխի հանդիպում մը անհաւանական նկատեցին` զայն սահմանափակելով կողմերու ներկայացուցիչներուն Իպրահիմ Քանաանի եւ Մլհեմ Ռիաշիի միջեւ, անդին նախկին նախարար մը յայտնեց, որ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 5 յունուարին` առանց ճշդելու հանդիպումին վայրը: Իսկ «Ժումհուրիա» օրաթերթի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հըզպալլա -Մուսթաքպալ երկրորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Այն Թինէի մէջ դարձեալ` ընդգծելով այս քայլին կարեւորութիւնը որ մանրանկար օրինակ մըն է սէուտական-իրանեան երկխօսութեան: Նոյն ծիրին մէջ, սէուտական «Օքազ» օրաթերթը Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութեան սկիզբը ենթահող կը նկատէ Լիբանանի անդորրութեան եւ կայունութեան` 2015-ին:

 

Նախորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Ամրապնդել Իր Դիրքերը` Արսալի Մերձակայ Շրջաններուն Մէջ

Յաջորդը

Հայ Մը Ընտրուած Է Թուրքիոյ Փոքրամասնութեանց Ներկայացուցիչ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.