Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիսապետելով Առաջնորդ Տուէյհիի Թաղման Կարգին`. Պշարա Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Ֆախրի Ամոլի Եւ Նահատակ Զինուորներու Ընտանիքներուն

December 29, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1228_raiՄարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ` կիրակի, 28 դեկտեմբերի առաւօտեան, այցելեց  ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գլխատուած լիբանանցի զինուորականներ Մոհամետ Համիէի, Ապպաս Մտլեժի եւ Ալի Պազզալի ընտանիքներուն` իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնելով անոնց: Պեքաայի Թալիա, Եունին եւ Պազզալիէ գիւղաքաղաքներ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին ան դիմաւորուեցաւ պետական, պաշտօնական եւ ժողովրդային ներկայութեամբ: Անոր կ՛ընկերանային Տէյր Ահմարի առաջնորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը եւ այլ հոգեւորականներ: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը ընդգծեց լիբանանցիներու, ինչպէս նաեւ բանակի եւ բանակայիններու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը ահաբեկիչներու վտանգէն` մաղթելով բոլոր առեւանգուած զինուորականներու շուտափոյթ ազատութիւնը: Ան կոչ ուղղեց միասնութեան եւ համերաշխութեան` դիմակալելու համար Լիբանանը հարուածող վտանգներն ու մարտահրաւէրները:

Ապա ան այցելեց Պթըտհի գիւղաքաղաքը, ուր իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Ֆախրի ամոլի սպանութեան առիթով: Հանդիսապետելով Ֆախրի ամոլի սպանութեան քառասունքի արարողութեան` Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պատկան կողմերուն եւ յատկապէս` Ժաաֆար ընտանիքին, ապահովութեան ուժերուն յանձնելու Ֆախրի ամոլի սպանութեան պատասխանատուները: Ան մեծ ամօթ նկատեց յատկապէս կարգ մը պատասխանատուներու ցուցաբերած թոյլտուութիւնը` ահաբեկչական արարքներու գործադրութեան, առանց որեւէ քայլ առնելու այդ արարքներու կանխարգիլման համար:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հանդիսապետեց արտասահմանի մէջ վախճանած ու ըստ իր փափաքին Լիբանան թաղուող Ըսթֆան Տուէյհի եպիսկոպոսի թաղման կարգին:

 

 

Նախորդը

Ղալեպ Ապու Զէյնապ Կը Յստակացնէ. «Հըզպալլայէն Չեմ Հրաժարած»

Յաջորդը

Ամանորեան Իր Պատգամին Մէջ Շնորհաւորութեանց Կողքին. Վարչապետ Սալամ Համբերութիւն Կը Մաղթէ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.