Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Ղազի Արիտին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի դեսպաններ Տէյվիտ Հէյլն ու Ալի պըն Համատ Մըրին:
Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Էլիաս Սքաֆ եւ նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի եւս այցելեցին Սլէյմանի:
Իր ունեցած բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, Միշել Սլէյման շեշտեց լիբանանեան երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը դիւրացնէ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը:
Սլէյման գնահատեց սէուտական-իրանեան երկխօսութեան զօրակցելու միջազգային ջանքերը, դրուատելով նաեւ եգիպտական-քաթարեան հաշտութեան քայլը:


