Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անարատ Յղութեան Տօնը. Հռիփսիմեանց Երկրդ. Վարժարանին Մէջ

December 24, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_7101IMG_7061Հռիփսիմեանց երկրդ. վարժարանը բախտաւոր է իր պատկանելիութեամբ` Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, որ հիմնուած է 1847-ին:

Հռիփսիմեանցականները քաջ գիտեն, թէ իրենց դպրոցը հիմնուած է հաւատքի անխախտ սիւներու վրայ, որուն պահապանները Անարատ յղութեան մշտարթուն հայ քոյրերն են, որոնք ուխտած են անսակարկ ծառայել հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան:

Աւանդական դարձած է, որ դեկտեմբեր 8-ին Անարատ յղութեան տօնին Հռիփսիմեանց վարժարանը իր մեծով ու պզտիկով արժանավայել կերպով տօնէ միաբանութեան անուանակոչութիւնը:

Այս տարուան յիշատակութիւնը ի սկզբանէ պիտի տարբերէր նախորդներէն, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի սեմին վարժարանի մեծ ընտանիքի անդամները պիտի յիշատակէին նաեւ 13 քոյրերու նահատակութիւնը` Մեծ եղեռնին. օրուան Ս. պատարագը խունկ ու մոմ վառեց անոնց անմեռ յիշատակին:

Ս. պատարագի զոհին ներկայ էին միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարաններու աշակերտները, ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ, ծնողաց վարչութեան անդամներ եւ կարգ մը ծնողներ:

Պատարագիչ քահանան` հայր Եղիա Եղիայեանը, քարոզի իր բնաբանին մէջ վեր առաւ հայ քոյրերու նուիրումն ու ծառայութիւնը` ի խնդիր հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան` ընդգծելով, որ հայ քոյրերու միակ միաբանութիւնն է, որ իր առաքելութիւնը անվհատ կը շարունակէ 170 տարիներէ ի վեր` Հայաստանի եւ այլազան օտար գաղթօճախներու մէջ, շնորհիւ միաբանութեան հաւատարիմ ուխտեալ քոյրերուն:

Ս. պատարագէն ետք վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ  Մակարոսեան, աւարտական դասարանի երկու աշակերտուհիներու հետ, ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ միաբանութեան պատմութեան էջերը սեփականութիւնը դարձուց ներկաներուն. առաջին հերթին անդրադարձաւ միաբանութեան ծնունդին ու առաքելութեան, ապա շեշտեց կարեւորութիւնը Մեծ եղեռնի ընթացքին 13 քոյրերու նահատակութեան` մէջբերելով անոնց նահատակութեան քստմնելի պատկերները, երկրորդ բաժինով ներկայացուց միաբանութեան սփիւռքի գործունէութիւնը, ամփոփ գիծերու մէջ նկարագրեց Հռիփսիմեանց վարժարանի հիմնադրութիւնը եւ անոր 92 տարիներու արդիւնաւէտութիւնը:

Ներկաները իրենց լաւագոյն բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու մշակներուն եւ անգամ մը եւս եկան հաստատելու իրենց անշահախնդիր ծառայութինը` ի սպաս նորահաս հայ սերունդներուն:

Նախորդը

Ռուս-Թուրքական Տնտեսական Շահերը Ստուերում Են Առկայ Տարաձայնութիւնները

Յաջորդը

Լեւոն Թադէոսեան (Պապաշա, 1865-1935). Հայ Յեղափոխական Շարժման Խստապահանջ «Հայրիկ»-ը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.