Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է «Ոչ Թուրքիայում Հանգստին» Ֆլեշմոպ

December 23, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1222_-Moscow-Cinema«Հրաժարուել Թուրքիայում հանգստից եւ այս կերպ յարգել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը» նախաձեռնութիւնը Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի եւ «Ոչ պետական բուհերի ուսանողական կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան մէկ կառոյցն է:

22 դեկտեմբերին խումբ մը երիտասարդներ Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին կից կազմակերպած են ֆլեշմոպ: Անոնք անցորդներուն կը մօտենային եւ կոչ կ՛ուղղէին անոնց` արձակուրդի համար Թուրքիա չերթալու, չհարստացնելու թշնամի երկիրը, որուն զէնքերը կրնան ուղղուիլ Հայաստանի դէմ, նաեւ կ՛առաջարկէին ֆլեշմոպի յատուկ «Ո՛չ Թուրքիայում հանգստին» գրութեամբ պաստառին դիմաց լուսանկարուիլ:

«Շարժումը սթափեցման կոչ է, որպէսզի մարդիկ տոմսը գնելէ առաջ անգամ մը եւս մտածեն, որ կ՛երթան դէպի այն պետութիւն, որ  նման Ցեղասպանութիւն կատարած է: Հանգիստը Հայաստանի մէջ կամ եւրոպական երկիրներու մէջ աւելի սուղ է. բայց ամէն պարագայի աւելի լաւ է աւելի սուղ վճարել, քան երթալ հարստացնելու պետութեան մը, որուն փամփուշտները, զէնքերը պիտի ուղղուին ընդդէմ քու պետութեանդ երեխաներու, քաղաքացիներու, մայրերու, քոյրերու», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է շարժումի կազմակերպիչ, «Ոչ պետական բուհերի ուսանողական կենտրոն» կազմակերպութեան ղեկավար Արմինէ Բարսեղեանը:

Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեանը «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ նման ծրագիրներ շարունակական պիտի ըլլան եւ մինչեւ 24 ապրիլ 2015 հիմնադրամը Երեւանի եւ մարզերուն մէջ հանդէս պիտի գայ քարոզչական նախաձեռնութիւններով:

«Առաջին հայեացքով կը թուի, թէ սովորական բան է  ու Թուրքիոյ մէջ արձակուրդ անցնելը կապ չունի Ցեղասպանութեան դատապարտման կամ ճանաչման հետ, բայց հաւատացէք` ամէն ինչ ալ նշանակութիւն ունի», յայտնած է ան:

«Բարձրաձայնում» անունը կրող ծրագիրին մեկնարկը տրուած է 22 նոյեմբերին: Այդ օրը ծրագիրի կազմակերպիչները «Ոչ Թուրքիայում հանգստին» կոչով այցելած են 60-է աւելի զբօսաշրջային գործակալութիւններ` աշխատակիցներուն կոչ ուղղելով նուազագոյնի հասցնել Թուրքիոյ մէջ արձակուրդի եւ ժամանցի նպատակով մեկնողներուն տրամադրուող փաթեթներու վաճառքը:

 

Նախորդը

Երեւանի Գլխաւոր Տօնածառը Լուսաւորուեցաւ

Յաջորդը

Ղարաբաղեան Զօրամասի Դիրքին Վրայ Զոհուած Է 19-Ամեայ Զինուոր Մը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.