Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Այցելեցին Նախարարներ Մաշնուքի Եւ Ռիֆիի

December 23, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1222_mashnouk_harazadnerԱռեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, որ յայտնեց, թէ ինք` իբրեւ ներքին գործոց նախարար, պատասխանատու է տիրող իրավիճակին, «սակայն ես պիտի չբացայայտեմ իմ առած քայլերս», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու եւ իբրեւ հերոս զանոնք տուն վերադարձնելու:

Հանդիպումէն ետք բանակայիններուն հարազատներուն անունով շէյխ Օմար Հայտար շեշտեց, որ Մաշնուք շատ թափանցիկ եղած է հանդիպումին ընթացքին`  դիտել տալով, որ իրենց հարազատները ազատ արձակելու բանակցութիւններով կը զբաղի Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթին:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի իր կարգին ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները:

Ռիֆի շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն կեանքը ամէն բանէ սուղ է, եւ այդ թղթածրարին լուծումը պէտք է ապահովել փոխանակումներու ճամբով:

Ռիֆի ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները հաստատած են, որ բանակայիններուն նեցուկ կը կանգնին` աւելցնելով, թէ անոնցմէ շատեր նաեւ համաձայն են առեւանգուած բանակայինները փոխանակումներու ընդմէջէն ազատ արձակելու սկզբունքին:

Այս շրջագիծին մէջ Ռիֆի շեշտեց, որ ինք կը վստահի Ֆլիթիի եւ կը փափաքի անոր վստահիլ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցելու պարտականութիւնը` աւելցնելով, որ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բանակցութեան կապեր արդէն գոյութիւն ունին:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին հաստատեց, որ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր զինք տեղեակ պահած է, թէ Ահմետ Ֆլիթի ներկայացուցած է լուծման լաւ տարբերակ մը, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին վերջնական լուծում պիտի տրամադրէ:

ՆՇԵՆՔ սակայն, որ երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու իմաստով բանակցութիւնները սառած են եւ իրենց հետ բանակցող ոչ մէկ միջնորդ կայ:

 

 

Նախորդը

Իտալիոյ Ծերակոյտի Նախագահը Կ՛այցելէ Լիբանան

Յաջորդը

Մուքպել Եւ Զօր. Քահուաժի Այցելեցին Նաքուրա

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.