Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ 19-26 դեկտեմբերին Այնի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ հայրենի կրանտմասթըրներ:
Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլան Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Արման Փաշիկեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Լեւոն Փապուճեան, Յովիկ Հայրապետեան, Մարիա Քուրսովա եւ Լիլիթ Կալոյեան:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն է միջազգային իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան:


