Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ ՍՐՏԽԱՌՆՈՒՔ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ԵՒ ՄԵՐԺԵԼԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

July 27, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին զոյգ յարձակումներ ցնցեցին Նորվեկիան: Ցնցումը մեծ էր` նկատի ունենալով, որ նորվեկեան ընկերութիւնը սկանտինաւեան այլ երկիրներու նման ծանօթ է իր խաղաղասիրական բնոյթով եւ միապաղաղ խաղաղութեամբ բնորոշուող առօրեայով: Ութոյա կղզիին վրայ տեղի ունեցած սպանդի պատկերասփիւռային լրատուութեան հետեւող մը կրնար դիւրութեամբ զայն ամերիկեան ընկերութեան մէջ տեղի ունեցած հերթական դէպքի մը հետ շփոթել եւ իսկական վայրը լսելով` ապշիլ:

Նորվեկիոյ դէպքերուն գլխաւոր կասկածելին` Անտերս Պեհրինկ Պրիվիք, զոյգ յարձակումներէն ժամեր առաջ իր հրապարակած «2083- Անկախութեան եւրոպական յայտարարութիւն» խորագիրով մանիֆեսթին մէջ խօսելով ժողովրդավարութեան մասին դիտել կու տայ, որ ինք ջատագով է ժողովրդավարութեան, հետեւաբար չի կրնար հանդուրժել ֆաշական գաղափարները եւ կոչ կ՛ուղղէ` պահպանելու ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը, արգելք հանդիսանալու ֆաշական բռնատիրութիւններու իշխանութիւն մուտքին եւ կիրարկելու «խիստ, սակայն արդար ժողովրդավարութիւն», եւ սակայն զարմանալի կերպով յարձակում գործեց Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած ճամբարի մը դէմ:

Ան նաեւ այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ նշած, որ «պէտք է հայերուն վերադարձնել իրենց պապենական հողերը: Արեւելեան Անատոլու կոչուածը պէտք է վերադարձուի Հայաստանին»: Անոր այլապէս ճիշդ այս նշումը ոչինչով կը հետաքրքրէ մեզ եւ անարժէք է: Մարդկութեան դէմ ոճիրի ամբաստանութեամբ դատուող այս ոճրագործը իր ահաւոր արարքին պատճառով կորսնցուցած է մարդկութեան դէմ ոճիրի զոհ ժողովուրդի մը արդար դատին զօրակցելու բարոյական իրաւունքը: Անմեղներու սպանդի այսպիսի քստմնելի արարքի մը հեղինակը Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելով ոչ միայն սրտխառնուք կը պատճառէ, այլ նաեւ կը սրբապղծէ մեր միլիոնաւոր ու անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Ան ոչինչով կրնայ արդարացնել իր դատապարտելի արարքը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.