Տօնական օրերու սեմին դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռ կը տիրէ Լիբանանի քաղաքական, ընկերային թէ հրատապ այլ հարցերուն գծով: Արդարեւ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եան Իլիասոնի եւ աւստրալիական եպիսկոպոսական պատուիրակութեան այցելութեանց զուգահեռ, երկրի վարիչներուն ուշադրութիւնը, կեդրոնացած մնաց առեւանգեալ զինուորականներու հարցին նորագոյն զարգացումներուն վրայ:
Այս ծիրին մէջ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Քաթար որոշած է նոր միջնորդ մը նշանակել Ահմետ Խաթիպի փոխարէն: Աւելի ուշ, Ժապհաթ Նուսրայի մէկ ղեկավարը հերքեց այս մասին բոլոր լուրերը:
Երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ նախագահեց այս հարցի քննարկման եւ լուծման կոչուած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որմէ կը բացակայէին արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ` ճամբորդութեան պատճառով, եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Այս գծով նախարար Խալիլ ընդգծեց, որ նիստէն իր բացակայութիւնը չի նշանակեր, թէ ինք վերջնականապէս դադրեցուցած է անդամակցութիւնը այդ յանձնախումբին: Ան վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը առեւանգուած զինուորականներու ազատ արձակման գծով տարուող ճիգերուն:
Գետնի վրայ, առեւանգուած զինուորականներու ընտանեկան պարագաները շարունակեցին իրենց բողոքի նստացոյցը` քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ: Անոնցմէ պատուիրակութիւն մը այսօր կէսօրին պիտի այցելէ Ռապիէ` տեսակցելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան, զօրավար Միշել Աունի հետ:
Իսկ առեւանգեալ զինուորականներու ծնողական յանձնախումբի նախագահ Հիւսէյն Եուսեֆ յայտարարեց, որ պիտի ուղղուի Սէուտական Արաբիա` տեսակցելու համար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որ «իրենց վերջին յոյսն է»:
Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ վերահաստատեցին համախմբումի զօրակցութիւնը զինուորականներու ազատ արձակման ձգտող ճիգերուն` հերքելով թէ համախմբումը դէմ է փոխանակման սկզբունքին: Այս գծով ոչ մէկ առաջարկ ներկայացուած է դահլիճի նիստին», ընդգծեցին անոնք:
Նմանապէս, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին ընդգծեց իր զօրակցութիւնը զինուորականներու ազատ արձակման ճիգերուն` նշելով, թէ կառավարութիւնը համախոհ է այս հարցին գծով:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի գրասենեակը հերքեց կառավարութեան վերագրուող այն տեղեկութիւնները, թէ «Կառավարութիւնը առեւանգուած զինուորականները արդէն իսկ նահատակ կը նկատէ»: Գրասենեակը վերահաստատեց, Մաշնուքի կեցուածքը, ըստ որուն, «չկայ բանակցութիւն, նախքան առեւանգուած զինուորականներու սպանութիւնը դադրեցնել խոստացող գրաւոր յանձնառութեան յայտարարութիւնը»:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ իր ընդվզումը արտայայտեց «սուտ լուրերով քաղաքացիները հանգստացնելու միտող» քայլերուն համար` ընդգծելով, որ ցարդ այս գծով լուրջ քայլ մը չկայ:
Երեկոյեան եւ յատկապէս նախարարական յանձնախումբի նիստի աւարտին, ուրկէ կը բացակայէր «սպիտակ ծուխ»-ը, առեւանգուած զինուորականներուն ծնողները յուսահատ եւ ընդվզած սկսան անիւներ հրկիզել վարչապետարանի առջեւ` բողոքելով «տիրող ձգձգումի մթնոլորտին դէմ» եւ վճռական կեցուածք պահանջելով կառավարութենէն: Մթնոլորտը առաւել եւս շիկացաւ ու ոստիկաններու հետ միջադէպի դուռ բացաւ, երբ անոնք նկատեցին, թէ դրական ոչ մէկ քայլ առնուած է նիստին` կասեցնելու համար ահաբեկիչներուն սպառնալիքները, ըստ որոնց, անոնք նոր զոհ մը պիտի գլխատեն վաղը` հինգշաբթի, եթէ կառավարութիւնը շարունակէ անտեսել իրենց պահանջները:
Միջազգային Կարմիր խաչի պատասխանատուն եւս, որ Լիբանան կ՛այցելէ, պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու եւ միջամտելու այս հարցի լուծման համար, եթէ այս առնչութեամբ միջլիբանանեան համախոհութիւն գոյանայ:


