Աւելի քան երկու հարիւր օրերէ ի վեր նախագահական թափուր աթոռի հարցը կը շարունակէ մտահոգել միաժամանակ լիբանանցիներն ու շրջանային եւ միջազգային առնչակից կողմերը:
Այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ յայտնեց, թէ այս հարցի ձգձգումը կրնայ հրահրել երկրին անկայունութիւնը, մինչդեռ նախագահի ընտրութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի շահերուն:
Նոյն ծիրին մէջ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, թէ իր երկիրը կ՛ողջունէ Լիբանանի կայունութեան ճիգերը եւ յատկապէս տարակարծիք կուսակցութեանց միջեւ երկխօսութեան կայացումը` ընդգծելով, որ նախագահական թղթածրարին գծով քայլերն ու նախաձեռնութիւնները պէտք է ըլլան լիբանանեան եւ ոչ թէ շրջանային կամ միջազգային: Ան կոչ ուղղեց միջքրիստոնէական լիբանանեան մերձեցումի` վճռելու համար այս հարցը:

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եան Իլիասոն դրուատեց «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, որ կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի պաշտպանութիւնը` զայն չէզոք պահելով արտաքին տագնապներէն»: Պքերքէի մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին Իլիասոն անհրաժեշտ նկատեց դրական եզրայանգումի մը որոնումը` ընդգծելով միջլիբանանեան համերաշխութեան կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, լրատուական աղբիւրներ հաւանական նկատեցին իրանցի պատասխանատուներէն Ալի Լարիճանիի Լիբանան այցելութիւնը յառաջիկայ շաբաթասկիզբին` խորհրդակցութիւններ ունենալու համար լիբանանցի պատասխանատուներու հետ: Այս ծիրին մէջ ֆրանսական խորհրդարանական յանձնախումբի մը կազմութիւնը Լիբանանի գծով դրական քայլ կը նկատուի ֆրանսական շրջանակներու համար եւս Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը գլխաւոր մտահոգութիւն է այն համոզումով, որ նախագահական ընտրութեան փութացումը հիմնական բանալին է Լիբանանի խրթին` հարցերու լուծման: Այս ծիրին մէջ վերջերս Պէյրութ այցելած ֆրանսացի պատասխանատու Ֆրանսուա Ժիրօ մօտերս չորրորդ անգամ ըլլալով Իրան պիտի այցելէ, ուր շրջանային եւ երկկողմանի յարաբերութեանց կողքին պիտի արծարծէ նաեւ Լիբանանի իրավիճակը:
Լիբանանեան մակարդակի վրայ եւս այս հարցը օրակարգի վրայ էր մէկէ աւելի շրջանակներու մօտ: Արդարեւ, պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր խորհրդակցութեան աւարտին անհրաժեշտ նկատեց միջլիբանանեան համախոհութեան իրականացումը` անկախ տիրող ուշագրաւ եռուզեռէն:
Իսկ Ռայի պատրիարքը, որ ցաւակցական այցելութեան ընթացքին կը խորհրդակցէր նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանի հետ, անընդունելի եւ անտրամաբանական նկատեց «նախագահական թափուր աթոռին ստեղծած պարապութեան հետ համատեղ գոյակցութիւնը, որ կը տկարացնէ նախագահին դիրքն ու վարկը»:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան իր կարգին ըսաւ, որ «նախագահական ընտրութիւնը արգելակողը ան է, որ 24 տարիներէ ի վեր կ՛արգելակէ ու կը խոչընդոտէ զօրաւոր նախագահի մը ընտրութիւնը Լիբանանի մէջ», անուղղակիօրէն պատասխանելով այս կապակցութեամբ եղած ակնարկներու: Ան հարց տուաւ թէ «Ինչպէ՞ս կարելի է կիրարկել նախագահական ընտրութեան օրէնքը, երբ օրէնքն ու սահմանադրութիւնը չեն յարգուիր ու երբ իւրաքանչիւր երեսփոխան նշեալ օրէնքը կը մեկնաբանէ ըստ իր քմահաճոյքին»:
Նախքան այդ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հետապնդումի յանձնախումբէն իր անդամակցութեան առկախումը յայտարարեց` նշելով, որ կը վերադառնայ միայն այն ատեն, երբ այս գծով խորհրդարանի ընդհանուր նիստ մը գումարուի:


