Փոխադրամիջոցներու եւ հանրօգուտ սպասարկութեանց նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան ուր աշխատանքային նիստ մը գումարեց ապահովական ու վարչական պատասխանատուներուն հետ: Ան այս առիթով «աւետեց», թէ օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութիւնը վերացուցած է Լիբանանի անունը վտանգաւոր շրջանակի ցանկէն:
Տարեվերջին օդակայանի ճամբորդութիւններու թիւը պիտի հասնի եօթը միլիոնի, յայտնեց նախարար Զաայթեր` նշելով, որ մօտերս մամուլով պիտի յայտարարէ «Քաղաքային օդանաւորդութեան ընդհանուր խորհուրդի» գործունէութեան սկիզբը:
Այս կապակցութեամբ կարգ մը պատասխանատուներ հարց տուին օդանաւային երթեւեկի տոմսերու սակագիներու նուազեցման կարելիութեան մասին` վառելանիւթերու սակագիներու նուազումի լոյսին տակ:


