Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ովքե՞ր Են Հայախօս Յոյները` «Հայ Հոռոմները»

December 17, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

horom-121704Այշէ Հիւր «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ ժամանակին Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրէր «հայ-հոռոմներ» անունով համայնք մը: 1923-ին ստորագրուած Լոզանի դաշնագրի ծիրին մէջ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Փոխանակման պայմանագրի համաձայն, Թուրքիայէն Յունաստան ուղարկուած հայ-հոռոմներու համայնքը հոգեւոր տեսանկիւնէն` Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ ենթակայ, սակայն հայերէն խօսող խումբ մըն էր: Այս հարցին վերաբերեալ որեւէ գիտական ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած, սակայն հիմնականին մէջ բանաւոր աղբիւրներէ օգտուելով` հայ-հոռոմներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցուած են զմիւռնիացի յոյն Եորկոս Անասթաիատիսի (1874-1971) կողմէ:

Հայ-հոռոմներու ազգային արմատներուն շուրջ կան տարբեր տեսակէտներ: Ըստ ժամանակակից յոյն պատմաբաններու, հայ-հոռոմները ՆՔ 401 թուականին իր եղբօր` Արտաքսերքսեսին գահընկէց ընել փորձած ու պարսից գահը ձեռք ձգելու աշխատած Կիւրոսի համար պատերազմած, սակայն Կիւրոսի սպանութենէն ետք Յունաստան վերադարձած յոյն վարձկան զինուորներու մնացորդներն են: Այս առասպելական «վերադարձը» կը պատմուի վերոյիշեալ արշաւանքին մասնակցած յոյն պատմիչ Քսենոֆոնի կողմէ գրի առնուած «Նահանջ բիւրոց» վերնագրով աշխատութեան մէջ:

Հայ-հոռոմներու ծագումով յոյն ըլլալու մասին մէկ այլ վարկածի համաձայն, անոնք բիւզանդական ժամանակշրջանին Յունաստանի Աթէնքի մերձակայքը գտնուող կղզիէ մը` Էկինայէն եկած գաղութաբնակներն են: Սեբաստիոյ մօտ գտնուող Էկինի անուանումին ծագումը եւս Էկինայէն է: Այս խումբերը Բիւզանդական կայսրութեան վերջ տուած Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին չեն ուզած իսլամանալ եւ խառնուած են իրենց բնակած շրջաններու հայ բնակչութեան հետ:

Համեմատաբար նոր հայկական աղբիւրներու համաձայն, հայ-հոռոմները բիւզանդական շրջանին հելլենացած հայերն են:

Ըստ Եորկոս Անասթասիատիսի, անկախ այն իրողութենէն, թէ այս տեսակէտներէն ո՛ր մէկն է ճշմարիտը, այսօր հայ-հոռոմները իրենք զիրենք կը համարեն յոյն: Թէեւ հարիւրամեակներ շարունակ յունարէն մէկ բառ անգամ չեն գիտցած, կը պահպանեն իրենց անսասան հաւատքը իրենց յունականութեան հանդէպ: Անոնց մայրենի լեզուն նախ հայերէնն է, ապա` թրքերէնը: Հայերէնը կը սորվին դպրոցին մէջ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուող արարողութիւնները առաւելապէս թրքերէն ու հայերէն եւ քիչ մըն ալ յունարէն տաղերու խառնուրդ են: Սակայն հակառակ այն իրողութեան, որ համայնքը չի հասկնար յունարէն աղօթքները, բայց եւ այնպէս հայերէն ընթերցուող հոգեւոր երգերը ոչ մէկ առնչութիւն ունին այն շարականներու հետ, որոնք կ՛երգուին հայկական եկեղեցիներուն մէջ: Անոնք Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ աղօթք-երգերու թարգմանութիւնն են եւ կը կարդացուին յունական եկեղեցւոյ երաժշտութեան ձայնաշարով:

Ըստ որոշ աղբիւրներու, առաջին կեդրոնը, ուր ի յայտ եկած են հայ-հոռոմները, Սեբաստիոյ Էղին գիւղն էր: Եփրատի Էղին շրջանին մէջ բնակող 70 հայ-հոռոմական ընտանիքները 1924-էն մէկ տարի առաջ, Լոզանի դաշնագիրի ենթամաս ստորագրուած Փոխանակման պայմանագիրի համաձայն, ուղարկուած են Յունաստան եւ Էղրիպոզի հիւսիսը գտնուող Քասթանիոթիսա ագարակին մէջ տեղաւորուելով` հիմնած են Նոր Էղինը: Երկու տարի չանցած` Ռուսիայէն 50 ընտանիք եւս բնակութիւն հաստատեց Սալոնիկի մօտ գտնուող Տիաւաթայի մէջ: Իսկ Էղին անուանումը հանրապետական Թուրքիոյ շրջանին Մուսթաֆա Քեմալի ի պատիւ անուանափոխուեցաւ Քեմալիյէի, հայ-հոռոմներու վերջին հետքն ալ ամբողջովին ջնջուեցաւ:

Անատոլիոյ միւս մեծ հայ-հոռոմական համայնքը 1608 թուականէն ի վեր կը բնակէր Ատափազարի շրջանին մէջ: 1923-ին դոկտ. Վենետիքթոս Ատամաթիատիսը «Բոլոր գաղթականներու առաջին խորհրդաժողովին» ներկայացուցած ծանուցման մէջ հետեւեալ կերպ մեկնաբանած է հայ-հոռոմներու ճակատագիրը. «Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան մէջ յառաջացած, հարուստ, 15 հազար ու աւելի բնակիչով Կէյվէի-Օրթաքէօյի յոյները 1920 յունիսի վերջաւորութեան հաւաքուած են Սաքարիա-Քարաչայի մերձակայքը գտնուող իջեւանատուներուն մէջ եւ կոտորուած ծայրայեղ կրօնամոլ խումբերու կողմէ: Այս կոտորածէն փրկուածներն ալ լեռներու վրայ հետապնդուած են եւ` անողոքաբար սպաննուած: 1920-ի օգոստոսին շրջանին մէջ մէկ յոյն անգամ չէ մնացած: Փրկուիլ կրցած են ողջախոհ գտնուելով` իրենց հողերը կոտորածէն առաջ լքած քանի մը հարիւր հոգի միայն»:

Հաւանական է, որ այդ քանի մը հարիւր հոգին ալ հետագային հեռացած է երկրէն: Եթէ նոյնիսկ կան ալ այստեղ մնացածներ, դժբախտաբար այլեւս անհնար է խօսիլ «հայ-հոռոմներու» մշակոյթի մասին…:

Նախորդը

Մուշի Պատմական Հայկական Տուներուն Մէջ Ուսումնասիրութիւն Կը Կատարուի

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եւրասիական Տնտեսութիւն …Դրամի Արժեզրկո՞ւմ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.