Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Օտեան (1834-1886). Ազատախոհ Իրաւապաշտպանը Եւ Սահմանադրական Բարեկարգումի Դրօշակիրը

December 16, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն.

grigor-otyan-photo-9-12-2014Դեկտեմբեր 9-ին ծննդեան 180-ամեակն էր հայ ժողովուրդի մեծարժէք դէմքերէն Գրիգոր Օտեանի, որ հանդիսացաւ 19-րդ դարու հայոց ազգային ու պետական կարեւորագոյն գործիչներէն մէկը:

Իր մտաւորական հարուստ պաշարով, ազատախոհութեամբ եւ յառաջդիմական գաղափարներով Գրիգոր Օտեան առաջնորդող դիրք գրաւեց Զարթօնքի սերունդին մէջ:

Գրիգոր Օտեանն հօրեղբայրն էր ու ներշնչման աղբիւրը հայ երգիծական գրականութեան մեծանուն վարպետ Երուանդ Օտեանի: Անոնք միասնաբար մեր ժողովուրդի ընդհանուր յարգանքին եւ մեծարանքին արժանացուցին Օտեան տոհմը` իբրեւ հայեցի արժէքներու եւ հայաշունչ մթնոլորտի պահապան օճախ:

Շնորհալի գրողի եւ խոհուն մտաւորականի իր արժանիքներուն կողքին, Գրիգոր Օտեան հռչակուեցաւ իբրեւ ազգային, քաղաքական եւ հասարակական այն ազատամիտ ու յառաջադէմ գործիչը, որ մինչեւ վերջին շունչ պայքարեցաւ հայոց ազգային զարթօնքի նուաճման համար:

19-րդ դարակիսու հայ իրականութեան մէջ Գրիգոր Օտեան եղաւ դրօշակիրն ու յառաջապահը սահմանադրական կարգերու հաստատման` իր անունին կապելով ոչ միայն մշակումն ու որդեգրումը 1862-ի Հայոց Ազգային սահմանադրութեան, այլեւ` 1876-ին վարչապետ Միտհաթ փաշային կողմէ հրապարակուած ու սուլթանին պարտադրուած Օսմանեան սահմանադրութեան:

Գրիգոր Օտեան ծնած էր 1834 թուականի դեկտեմբեր 9-ին, Կ. Պոլսոյ հայահոծ արուարձաններէն Սկիւտարի մէջ: Հինգ տարեկանէն աշակերտեց իր հօր` Պօղոս Օտեանի հիմնած տնային դպրոցին: Գրիգորի առաջին ուսուցիչը եղաւ Գաբրիէլ Պարտիզպանեանը:

Պոլսոյ մէջ հայերէնով եւ օսմաներէնով կրթութիւն ստանալէ ետք, ան 15 տարեկանին ղրկուեցաւ Ֆրանսա` բարձրագոյն ուսում ստանալու համար Փարիզի համալսարաններուն մէջ: 16 տարեկանէն սկսաւ թարգմանութիւններ կատարել` ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանելով Լամարթինի եւ Վ. Հիւկոյի բանաստեղծութիւնները (վերջինիս հետ նաեւ մտերիմներ էին): Գր. Օտեան իր ուսումնական յատուկ ուշադրութեան արժանացուց ազգային-ազատագրական շարժումներուն եւ ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքին վերաբերեալ գիտելիքի ու իմաստասիրական պաշարի ձեռքբերումը:

Գ. Օտեան ականատեսն ու մասնակիցը դարձաւ 1848-ի ֆրանսական եւ եւրոպական ընկերային յեղափոխութեանց շղթայազերծած շարժումներուն, որոնց ներշնչումով ալ, Պոլիս վերադարձին, 1850-ականներուն, գաղափարակիցն եւ գործակիցը դարձաւ նոյնպէս Փարիզ ուսանած եւ Երկիր վերադարձած ազգային անուանի յառաջդիմական գործիչներ` Նահապետ Ռուսինեանի, Նիկողոս Պալեանի եւ Սերովբէ Վիչենեանի, որոնք ստեղծեցին Հայոց Ազգային սահմանադրութիւնը:

Այդ Սահմանադրութիւնը, իր ընդհանուր փիլիսոփայութեամբ, մինչեւ մեր օրերը կը պահպանուի եւ հիմքը կը կազմէ տարագիր հայութեան ազգային¬եկեղեցական կեանքի կազմակերպումին` աշխարհական մասնակցութեան եւ ժողովրդային հակակշռի սկզբունքները սահմանադրականօրէն նուիրագործելով: Գրիգոր Օտեան յայտնի է նաեւ որպէս Օսմանեան կայսրութեան պետական գործիչ: 1860-ին ան արժանացաւ արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարի պաշտօնին, իսկ այնուհետեւ գլխաւորեց միեւնոյն նախարարութեան օտար թղթակցութեանց դիւանապետի աշխատանքները` համապատասխան պետական աստիճան ստանալով (սանիյէ):

1865-ին ան ուղարկուեցաւ Դանուբեան կուսակալութեան կեդրոնը` Ռուսչուկ, իբրեւ քաղաքական ընդհանուր տեսուչ: 1868-ին նշանակուեցաւ Պետական խորհուրդի քարտուղար, իսկ 1869-ին` արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանապետ:

1871-ին ան կոչուեցաւ հանրային կառոյցներու եւ շինութեանց նախարարութեան մէջ փոխնախարարի պաշտօնին: Նոյն թուականին, կարճ շրջանի մը համար, խորհրդականի պաշտօն ալ ստանձնեց առեւտուրի նախարարութեան մէջ: 1872-ին ընտրուեցաւ օսմանեան Պետական խորհուրդի անդամ:

1875-ին, հանրային շինութեանց նախարարութեան մէջ փոխնախարարի իր պաշտօնավարութեան ժամանակ, նախարարի բացակայութեան բերմամբ, Գրիգոր Օտեանի վստահուեցան նախարարութեան ընդհանուր գործերը ղեկավարելու պատասխանատուութիւնը:

Գ. Օտեան սերտ կապեր մշակած էր ատենի թուրք պետական գործիչներու աւագանիին հետ: Անոնց բարձրագոյն եւ ամենագաղտնի խորհրդակցութիւններուն մասնակից եղած էր: Յատկապէս մտերիմն ու վստահելի խորհրդականն էր այդ թուականներու Օսմանեան կայսրութեան մեծ եպարքոս` նախարարապետ Միտհաթ փաշայի հետ, որուն յանձնարարութեամբ եւ խրախուսանքով Գրիգոր Օտեան աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ պետութեան օրէնսդրական եւ սահմանադրական բարենորոգման համար ծրագրուած աշխատանքներուն:

Այդ ճամբով էր, որ Գրիգոր Օտեան ոչ միայն խորհրդատուն եղաւ Միտհաթ փաշայի նախաձեռնած սահմանադրական բարեկարգումներուն, այլեւ համահեղինակը դարձաւ մեծ եպարքոսին անունով 1876-ին հռչակուած Օսմանեան սահմանադրութեան:

Բայց նորահաստատ օսմանեան սահմանադրական ժողովը երկար կեանք չունեցաւ: Նոյն տարին սուլթանական գահին բազմած Ապտիւլ Համիտ Բ.ը առկախեց սահմանադրութիւնը եւ ցրուեց Սահմանադրական ժողովը: Այնուհետեւ հալածանքի ենթարկեց սահմանադրութեան հեղինակները եւ համակիրները: Թուրք պետական-քաղաքական բարձրաստիճան գործիչներու շարքին, խուսափելու համար սուլթան Համիտի հետապնդումներէն, Գրիգոր Օտեան իր կարգին 1880-ին ստիպուեցաւ ապաստանիլ Փարիզ, ուր եւ մնաց ու գործեց մինչեւ իր մահը` 1886 թուին:

1870-ականներու վերջերուն, Գրիգոր Օտեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ նաեւ Հայկական հարցի միջազգայնացման գործին մէջ: 1878-ին, Պերլինի վեհաժողովի նախօրեակին, Գրիգոր Օտեան հանդէս եկաւ հայկական նահանգներու ինքնավարութեան առաջադրանքով, որ դժբախտաբար հաւանութեան չարժանացաւ ատենի թրքահայոց պատրիարքարանի ազգային իշխանութեանց կողմէ. միայն Խրիմեան Հայրիկ դրականօրէն արձագանգեց բարենորոգումներու պահանջէն անդին անցնող եւ ուղղակի հայոց ինքնավարութիւնը պահանջող Գրիգոր Օտեանի պատրաստած յուշագրին:

Հայկական ինքնավարութեան իր պահանջով հանդերձ, Գրիգոր Օտեան բնաւ կողմնակից մը չեղաւ յեղափոխութեան: Միշտ գործեց ազատական մտածողութեամբ եւ ընդդիմացաւ յեղափոխական քայլերուն` նախընտրելով ջանքերը կեդրոնացնել գաւառներու հայ բնակչութեան ազգային¬քաղաքական ընդհանուր լուսաւորումին վրայ, քաղաքացիական կազմակերպումը նկատելով գրաւականը Հայկական հարցի արդար լուծման:

Արժանաւոր ու մեծանուն հայուն ծննդեան 180-ամեակին պատգամը թող ըլլայ, իր անձին կենդանի օրինակով նուիրագործուած, հետեւեալ ազդարարութիւնը Գրիգոր Օտեանի.

«Ան հայը, որ իր պետական պաշտօնին ընծայած դիւրութիւններէն օգտուելով` իր շահերուն կը զոհէ այս խեղճ, տարաբախտ ազգը, անիծեալ ըլլայ, երի՛ցս անիծեալ»:

 

 

Նախորդը

«Արմինէ Քոյր» Ծրագիրն Ու Հայոց Ցեղասպանութեան Վկան` Տայսուքէ Եոշիմոթօ

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին ՔԱՀԼ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.