Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դրամատուներու պաշտօնեաներու միութեան, 10-րդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ միջդրամատնային պասքեթպոլի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 14 դրամատուներու:
«Պլոմ» դրամատունը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականին 74-72 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Քրետի Լիպանէ»-ի:
Կիսաւարտականին «Պլոմ» յաղթեց «Պանք Մետ»-ին, մինչ «Քրետի Լիպանէ»` «Աուտէ»-ի:
Նշենք, որ մրցումները տեղի ունեցան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:


