Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սքանչելի Նուէր Մը Բոլորիս` «Ոսկի Խնձորը»

December 12, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

1211_tadron«Ազդակ»-ի երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերի թիւով, ուր մեզի այնքան հետաքրքրաշարժ կերպով կը ներկայացուի Համազգայինի «Արեգ» մանկական թատերախումբի խոստմնալից եւ ինչու չէ նաեւ տաղանդաւոր, մանուկ թէ պատանութեան սեմին գտնուող աշակերտութեան` ընդամէնը միամսեայ ջանքերով բեմադրուող Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» երաժշտական թատերակը` ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ հեղինակ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեանի, եւ այդքան ծաւալուն եւ ամբողջական կերպով յագեցուած հարցազրոյցէ ետք, կը մնար մէկ բան. չսպասել չափահասներուն վերապահուած շաբաթ իրիկուան ելոյթին, եւ միանալ Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն, մասամբ զգալու, տեսնելու, շօշափելու հանդիսատեսին`  մանուկ թէ չափահաս, հրամցուածը, բայց մանաւանդ ապրելու, մանկանալու եւ ըմբոշխնելու մանուկներու թատերական, անմիջականօրէն հաղորդական խանդավառութիւնը:

Մանուկները սքանչելի կերպով մաղել գիտեն իրենց տրուածը`  իրենց գնահատականին չարժանացածը մերժելով սառն անտարբերութեամբ: Մանուկներու ամէն օր եւ ամէն վայրկեան քիչ մը աւելի մեծնալու տենչը գոհացնող, զիրենք եւ իրենց արժանապատուութիւնը ճիշդ պատուանդանի վրայ դնել փորձող բեմադրիչին գործը բազում անգամ աւելի դժուար է, քան` արդէն կեանքի հասունութիւնը վայելող եւ անով ապրող չափահասինը: Ահա թէ ինչու իրա՛ւ մանկական գրականութիւն մշակելը աներեւակայելիօրէն դժուար է եւ գրեթէ անմատչելի կը մնայ նոյնիսկ գրական հռչակ ու համբաւ վայելող գրողներու: Փորձեցէ՛ք 4-5 տարեկան մանուկները հետաքրքրող որեւէ կտոր ներկայացնել հազիւ 6-7 տարեկանը թեւակոխածին, պիտի տեսնէք անոնց թթուած դէմքերը, «աս ինչ պեպեքի բան է»-ին աղմուկը կ՛անցընեն իրենց մանկական գրեթէ քանդակուած տպաւորութիւններու բովէն, եւ այնքան դժուար կ՛ըլլայ զիրենք խանդավառել իրենց տարիքին յատուկ գեղարուեստական խօսքով: Փորձեցէ՛ք Գիքորը ներկայացնել նախակրթարանի վերին կարգերուն, եւ հոս ալ` յուզականէն անդին անցնիլ պիտի չկարենան: Ահաւասիկ այս ընտրութիւնը ճիշդ կատարելուն մէջ կը կայանայ մանկավարժ բեմադրիչ-գեղարուեստական ղեկավարին ամէնէն կարեւոր աշխատանքը:

Ա՛յս էր իմ տեսնել ուզածս, մանաւանդ երբ հարցազրոյցին մէջ կը նշուէր, թէ «Ոսկի խնձոր» վերամշակուած է եւ կը հասցէագրուի թէ՛ փոքրերուն եւ թէ՛ բոլոր անոնց, որոնք կ՛եռան ազգային հարցերու կաթսաներուն մէջ: Իսկ ո՞վ ծանօթ չէ Յովհաննէս Թումանեանի Ծիտիկին, որ մանկութեան կը սորվիս, կ՛երգես, կը պարես ու կը զուարճանաս, նոյնիսկ դասարանային թատերակի կը վերածէ խօսք ու բանի տեղեակ ու մանուկի հոգի ըմբռնող ուսուցչուհիդ:

Ծընկըլը մընկըլը ծիւ – ծիւ,
Փըշիկ տուի, լոշիկ առի,
Լոշիկ տուի, գառնիկ առի,
Գառնիկ տուի, հարսիկ առի,
Հարսիկ տուի, սազիկ առի
Ու թառեցայ, աշուղ դարձայ
Ծընկըլը, մընկըլը, ծի՛ւ, ծի՛ւ, ծի՛ւ…

Ահաւասիկ Ծիտի տիպարը, որ որեւէ բան տալէն ետք, տուածը ետ կը պահանջէ` աւելիին տիրանալու համար:

Մնացեալ ի՛նչն ու ինչպէ՛սը կը թողում հանդիսատեսին, որ արժեւորէ, թէ ինչպէ՛ս վառ երեւակայութիւն ունեցող տաղանդաշատ ստեղծագործողի շնորհներով այս կտորը հիւմըրով կը յաջողի ձաղկել «իբրեւ թէ համեստները», «տուածը ի ցոյց տալու մարմաջը գոհացնելու պայմանագիր կնքողները»…: Ինքնին` երգիծական նորութիւն, մանուկներու բերնով հասցէագրուած` առ որ անկ է:

Անկեղծ ըսած` ճիշդ է, որ յօդուածը կը նշէր թատերախաղին ուղղութիւնն ու հասցէն, շատ բան չէի սպասեր:  Նախ` առաջին անգամն էր, որ ներկայ կ՛ըլլայի Ռոպերթ Առաքելեանի որեւէ կտորի բեմադրութեան: Սրահը քանի մը վայրկեանէն կը վխտար մեր ճեմարանի, քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճի եւ Թորոսեան վարժարանի ձագուկներով, անոնց «հայերէն» ճւճւոցով, խանդավառութեամբ ու անհամբերութեամբ: Հանգիստ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ մեծցող հայ մանկութիւն: Եւ յանկարծ` սրահի մթնելուն հետ որոտընդոստ ու մեծ ակնկալիքէն բխած ծափահարութիւն: Համեստ է բեմը իր կահաւորումով, բայց մանուկին տեսածը հոն կատարուող հրաշքն է` ի՛ր տարիքի տղոց կողմէ. գունագեղ տարազներ, իր ականջին ու սրտին ծանօթ երգ – երաժշտութիւն, միասին կ՛երգեն, ու կը փնտռեն, թէ բեմին վրայ սա կամ նան ո՛վ է…: Զիս զարմացնողը բեմէն դէպի մանուկները հոսող հաղորդականութիւնն ու վերջիններուն անմիջականօրէն տրուած պատասխաններն էին, բաց զրոյցները…:  «Ծիտի՜կ, ո՜չ, ո՜չ, չես կրնար…», «այո, կը լսենք…», եւ խինդ ու ծիծաղ, «ծիտիկը խենթուկ է…»: Ոչխարին մայիւնին ընկերացողներու սրահ մը մանուկ…

Հայաստանի մէջ մանկական թատրոնը ընդհանրապէս չափահասներով կը ներկայացուի, մանաւանդ երբ տիկնիկային թատրոն է: Մանուկ-պատանիներով այս մակարդակի բան իրականացնելը հսկայ ճիգի, քրտինքի եւ միմիայն իսկական մանկավարժ-բեմադրիչի կիրքի արդիւնք է: Համազգայինը իսկապէս հասած պէտք է ըլլայ իր գլխաւոր նպատակին. հասցնել թատերասէրներու եւ դերասաններու այնպիսի սերունդ, որոնց ներդրումը շատ մեծ է ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքի համակարգի որակը բարձրացնելուն մէջ, ինքզինք ճանչնալուն եւ սրբագրելուն մէջ: Թատրոնը դպրոց է, ուր ոչ միայն արժէքներ ու կենցաղ կը ցոլացնեն մեր կեանքը, այլեւ` մանուկին մէջ կը զարգացնեն պատասխանատուութեան զգացում, կարգապահութիւն, կը մաքրեն լեզուն, մանաւանդ` կը սերմանեն սէր հանդէպ գեղեցիկին ու ճշմարիտին, սէր ու գուրգուրանք հանդէպ մեր մայրենիին:

Ասիկա շարունակութիւնն է արդէն 1999-էն ի վեր Համազգայինի հետապնդած ծրագիրին եւ 2008-էն ի վեր գործող «Արեգ» թատերական դպրոցին: Պէտք է իսկապէս լսել ու տեսնել, թէ ինչպիսի՛ կարգապահութեամբ իւրաքանչիւրը յագեցած է իրեն վստահուածով, առանց յուշարարի, առանց բեմավարի: Բեմադրիչը ի՛նքը հանդիսատես է ահա, եւ կը վայելէ հանդիսասրահին ոգեւորութիւնն ու քրքչախառն գնահատանքը, իսկ դերակատարները` վերէն` տէրն ու տիրականը` իրենց դերերուն,  ականատեսն են իրենց հրաշքին:

Այս կարճ քանի մը տողին մէջ կարելի պիտի չըլլայ ներկայացնել այն, ինչ որ որեւէ բեմ բարձրացողի ներքին փափաքն է. դերակատարի անուն ու դեր: Առնուազն սակայն, ահաւասիկ գլխաւոր դերեր վերցնողներունը: Հանդիսատեսին կը թողում այս արհեստավարժ դերասանի շէմքին կեցած դերակատարներուն գնահատականը կատարելը, վայելելէ ետք միայն հոգի թրթռացնող այս ելոյթը:

Ծիտիկ` Լիլիթ Յովհաննէսեան
Պառաւ` Շուշի Գոճայեան
Հովիւ` Պարոյր Տօնիկեան
Աշուղ` Շահան Հաւաթեան
Գառնուկ` Սեւակ Զարմէնեան
Փեսայ` Սէրուժ Յովսէփեան
Հարս` Անճելինա Սարգիսեան
Վիշապ` Ճորճ Սահիլի
Աղուէս` Կարէն Խուտավերտեան
Տէր Հայր` Սիմոն Տէրտէրեան

Ոչ, չէի կրցած երեւակայել այսքան հրաշք: Ո՛չ այսքան խինդ ու ծիծաղ, ո՛չ ալ այսքան նրբահիւս հիւմըր եւ մանաւանդ` սքանչելի առոգանութիւն: Այս անկիւնէն` մեր ապագան խոստմնալից կը թուի… Հաւատա՛լ է պէտք մեր ներուժին, մեր ստեղծագործ ժողովուրդ ըլլալու, մակարդակի ոստումներ կատարելու կարողութեան:

Աշակերտական ներկայացումները պիտի շարունակուին նաեւ այսօր, իսկ շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ գիշերային ներկայացում` երեկոյեան ժամը 8:30-ին, միշտ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Բարի վայելում, քանի ուշ չէ…

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Առողջ Երկարակեցութիւնը» Նիւթով

Յաջորդը

«Հարաւային Հոսք»-ին Փոխարէն Կառուցուող Կազատարը Փութինի Առաջարկով Պիտի Կոչուի «Թրքական Հոսք»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.