Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիք Տղաք Ու Աղջիկներ

December 12, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

Մեծապէս ուրախացայ, երբ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Գրական թերթ»-ին մէջ վերջերս կարդացի հալէպահայ կարգ մը գրողներու հաւաքին մասին, որ տեղի ունեցաւ Գրողներու միութեան կլոր սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ միութեան նախագահին` Էդուարդ Միլիտոնեանին: Անզուսպ կերպով, մտածեցի ինքնաբերաբար, ապրի՛ք տղաք ու աղջիկներ, շեշտելով:

Ներկայիս Հայաստան փոխադրուիլը եւ հոն բնակութիւն հաստատելը զօրաւոր հասկացողութիւն կ՛ուզէ եւ խորիմաստ հայրենապաշտութիւն, չեմ ըսեր` հայրենասիրութիւն, որ այս տագնապալի օրերուն բովանդակազուրկ ու անիմաստ դարձած է: Ըստ իս, մեր ազգին համար, մահուան ու կենաց այս ճգնաժամային տարիներուն, Հայաստան երթալ եւ հոն տուն տեղ դառնալ` կը նշանակէ հայրենիքը հզօրացնել, տոկուն հայրենիք կառուցել, միանալ հոն պայքարող գիտակից ժողովուրդին ու գերբնական իմաստ մը տալ մեր մնացած կեանքին: Պատմական, հին դարերէն եկած ճշմարտութիւն մըն է, որ ազգերը կը գոյատեւեն միմիայն իրենց սեփական հողերուն վրայ: Ուրիշին հողին վրայ ինչ որ կը շինես, ինչ որ կը կառուցես, քուկդ չէ, ազգինդ չէ, աւազին վրայ կառուցուած շէնքերուն նման է, որ ուշ կամ կանուխ, այլազան ու բնական պայմաններով, պիտի փլին, պիտի կործանուին, աւազին անյուսութեան վրայ ձգելով քեզ ու բոլորս: Հայրենիքը մեր ազգային փրկութեան միակ յոյսն է, միակ տեղը: Հանրածանօթ բանաստեղծուհի Մարուշ Երամեանը հետեւեալ հաստատումը ըրած է այս կարեւոր հանդիպումին ընթացքին. «Դրականն այն է, որ, ի վերջոյ, հասկցանք, որ վերջնական կեցութիւնը հայրենիքի մէջ է, ինչպիսին ալ որ ըլլայ հայրենիքին վիճակը, ան ՄԵՐՆ է, (գլխագիրները իմ կողմէս) իր լաւով ու վատով, նոյնիսկ եթէ պիտի տառապինք, թող մեր հողերուն վրայ տառապինք եւ ոչ թէ օտար հողերուն»: Ապրի՜ս Մարուշ, ջերմ համբոյր մը ճակտէդ:

Նոյնանման ազգաշէն ու սրտամօտիկ արտայայտութիւններ ունեցեր են նաեւ միւս բոլոր ներկայ գրողները:

Արդարեւ, ազգային իմաստ ունեցող ու հրճուանք պատճառող դրական երեւոյթ մը էր այս հանդիպումը: Երանի անոնց, որոնք հաւատք ունին հայրենիքին վրայ: Հաւատք ունեցողներն են, որոնք կարողութիւնը ունին իրենց հաւատացածները իրականութեան վերածելու: Ներկայիս, անձնապէս կամ հաւաքաբար, Հայաստան փոխադրուիլը Մեծ եղեռնի միլիոնաւոր նահատակներուն մեզի ձգած անթառամ կտակին լաւագոյն արտայայտութիւնն է: Ի զուր ուրիշ տեղեր մի՛ փնտռէք այս սրբազան կտակին խորիմաստ հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը:

«Ո՛վ որ ականջ ունի եւ հաւատոյ բլթակ», թող այս ձեւով խոնարհի մեր բիւրաւոր նահատակներուն անյայտ շիրիմներուն առջեւ:

Ասիկա է բուն կտակը մեր նահատակներուն:

 

 

 

Նախորդը

Գրախօսական . Հալէպ…

Յաջորդը

Ֆեթիհ Աքինի «Խզումը» Ցուցադրուեցաւ Թուրքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.