Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Համալսարանի Նախագահը Բացումը Կը Կատարէ Հայկական Մշակութային Օրերուն` Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ

December 10, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1207_Noraa2Համագործակցութեամբ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ, կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին Դամասկոսի Համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական մշակութային օրերուն` «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի կազմակերպած «Լեզուներն ու քաղաքակրթութիւնները» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որուն մէջ նկատի առնուած են նաեւ Պարսկական եւ Ռուսական մշակութային օրերը:

Ներկայ էին Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Հասսան Քուրտին, Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, Բանասիրութեան բաժանմունքի ղեկավար Խալետ Հալպունի, համալսարանի բաժիններու տնօրէններ, Իրանի եւ ռուսական մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներ, դասախօսներ, ուսանողներ եւ բազմաթիւ հետաքրքրուողներ:

«Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի նախագահ դոկտ. Մեյսաա Սիուֆի Հայկական մշակութային օրերը բացուած յայտարարեց, իսկ Հայկական բաժինի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի պատասխանատուներուն` հայերէն լեզուի ներարման համար եւ շեշտեց մշակոյթներու բազմազանութեան կարեւորութիւնը:

1207_Poladian1207_Poladian2Նախ ներկայացուեցաւ Հայաստանի մատենադարանին մասին կարճ ժապաւէնը, ապա հրաւիրեցուաւ ՀՀ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը` դասախօսութիւն կարդալու «Հայաստանը արաբ իսլամական պատմութեան մէջ» վերնագիրով: Ան անդրադարձ կատարեց Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն եւ արաբ պատմագիրներու ու աշխարհագիրներու դերակատարութեան:

Դեսպան Փոլատեան յոյս յայտնեց, որ հայկական մշակութային օրերը առիթ պիտի հանդիսանան հայ-սուրիական յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Ապա ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Հասսան Քուրտիի եւ  դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի ձեռամբ:

Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր հայերէն լեզուի եւ գրականութեան արաբերէն լեզուով գիրքեր, Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի հրատարակութիւններ, հայկական տարազներ, Հայաստանի մասին լուսանկարներ, մատենադարանին մէջ ցուցադրուած հայկական մանրանկարչութեան նմուշներ եւ արաբերէն լեզուով ձեռագիրներու նմուշներ:

Առաջին օրուան օրակարգին մէջ ներկայացուեցան Արեւելագիտութեան մասին ճանաչողական ժապաւէն եւ Սուրիական պատկերասփիւռի կայանի պատրաստած «Հայաստանը` երէկ եւ այսօր» ժապաւէնը:

Յիշենք, որ հայկական մշակութային շաբաթը կ՛ընդգրկէ հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի մասին դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ հայկական հոգեւոր եւ մշակութային նմուշներու ցուցահանդէս:

Նախորդը

1600 Անձ Անջատած Է Հեռաձայնը` Բողոքելով Արցախը «Ռոմինկ»-ի Գօտի Համարելուն Դէմ

Յաջորդը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկէն Լաւաշը Դուրս Հանելու Ազրպէյճանական Փորձերը Ձախողեցան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.