Սահմանագիծին երկայնքին երէկ տեղի ունեցած միջադէպերու պատճառով հայկական կողմը տուած է զոհ մը:
«Երկիր» հաղորդեց, որ երէկ ղարաբաղեան- ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ հակառակորդը փորձած է ներթափանցումի գործողութեան ձեռնարկել: Հայկական կողմը կանխարգելիչ հարուած հասցուցած է, հակառակորդին շարքերուն մէջ 5-7 սպաննուած կայ:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրապարակած տեղեկատուութեան համաձայն, երէկ սահմանագիծին արեւելեան ուղղութեան վրայ գտնուող դիրքերէն մէկուն մէջ հակառակորդին արձակած կրակոցէն մահացու վիրաւորուած է զինուորական ծառայութիւն կատարող, 1995 թուականին ծնած Գարիկ Իսպիրեան:
Ազրպէյճանական կողմը հաղորդած է Ղազախի շրջանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին մասին:
«Ինտըրֆաքս-Ազերպայճան» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով, Ղազախի շրջանի Պալաճաֆարլի գիւղին մօտ ականի վրայ պայթած է զինուորներ տեղափոխող բեռնատար մը: Երկու ազրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է:


