Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եահու Թրեվըլ»-ը Խորհուրդ Կու Տայ Այցելել Արցախի Հանրապետութիւն

December 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1204_Yahoo-Artsakh«Եահու» տեղեկատուական հիմնական էջին վրայ «Ճամբորդութիւն» («Թրեվըլ») բաժինին մէջ հետաքրքրական ճամբորդութիւններու սիրահարներուն խորհուրդ կը տրուի այցելել փաստօրէն գոյութիւն ունեցող, սակայն ՄԱԿ-ի կողմէ չճանչցուած պետութիւններ, ինչպէս` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

Խորհրդային ժամանակաշրջանին Լեռնային Ղարաբաղը` հայերով բնակեցուած շրջանը, գտնուած է Ազրպէյճանի կազմին մէջ, սակայն Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները քուէարկած են յօգուտ անկախութեան:

«Յաղթանակ տանելով Ազրպէյճանին եւ 1994 թուականին զինադադարի համաձայնագիր կնքելով` Լեռնային Ղարաբաղը ձեռնամուխ եղաւ անկախ պետականութեան կերտման եւ այսօր ճանչցուած է Աբխազիոյ, Հարաւային Օսիայի եւ Մերձտնեսթրի կողմէ», նշուած է կայքին մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու պատճառներուն կարգին նշուած են ո՛չ միայն գեղատեսիլ լեռները, հինաւուրց վանքերն ու եկեղեցիները, այլ նաեւ ղարաբաղցիներուն աննկարագրելի հիւրընկալութիւնը:

«Չզարմանաք, եթէ յանկարծ յայտնուիք տեղւոյն գիւղերէն մէկուն թութի օղիով ու բաժակաճառերով լիացած սեղանին շուրջ: Կատարեցէք երկու շաբաթեան հետիոտն ուղեւորութիւն, վայելեցէք հինաւուրց հայկական Շուշի քաղաքն ու կախարդական Ղազանչեցոց եկեղեցին», այցելուներուն խորհուրդ կու տայ «Եահու Թրեվըլ»-ը:

Կայքը կը յիշեցնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ կարելի է երթալ Հայաստանի տարածքով` մօտ հինգ ժամ տեւող ճամբով: Գրուած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի օդային հաղորդակցութեան միջոցները վերականգնուած են եւ պատրաստ են շահագործման: Այս առումով «Եահու Թրեվըլ»-ը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սպառնացած են հարուածել նոյնիսկ քաղաքացիական օդանաւերը:

Կայքը նաեւ կը յիշեցնէ, որ թերեւս միայն սահմանագիծին վրայ կրնան որոշ վտանգներ ըլլալ, քանի որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բազմաթիւ անգամներ սպառնացած է զաւթել Լեռնային Ղարաբաղը: Այդուհանդերձ, «Եահու Թրեվըլ»-ը խորհուրդ կու տայ այցելուներուն` չփախցնել առիթը այցելելու նաեւ լեռներու վրայ խոյացած Գանձասարի հինաւուրց համալիրը եւ 9-րդ դարուն կառուցուած Դադիվանքը:

Նախորդը

Ո՞վ Արժանի Է «Ոսկի Խնձոր»-ին. «Ներկայացման Ընդմէջէն Հանդիսատեսին Կը Փոխանցուի Դրական Տրամադրութիւն. Անիկա Թէ՛ Աշակերտներուն, Եւ Թէ Հասուն Տարիքի Արուեստասէրին Համար Է», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռոպերթ Առաքելեան

Յաջորդը

Տիգրան Երկաթ (Կարապետ Պիլեզիկճեան, 1870-1899). Եւրոպական Տարողութեամբ Հայ Յեղափոխականը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.