Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. «Լուսաւորչի Կանթեղը» Ներկայացուց Հոգեւոր Երեկոյ Մը` Սահակ Սրբազանին Քարոզով

December 8, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հինգշաբթի, 4 դեկտեմբերի երեկոյեան «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ ներկայ եղանք աննախընթաց հոգեւոր երեկոյի մը` կազմակերպութեամբ «Լուսաւորչի Կանթեղ» երիտասարդական խումբին: Սրահը լեցուած էր մեծ մասամբ երիտասարդ-երիտասարդուհիներով, որոնք մաս կը կազմէին զանազան հոգեւոր խմբակներու:

Ուրախութեամբ ներկայ եղանք այս հոգեւոր հանդիպումին, միեւնոյն ատեն ուրախացանք երկսեռ երիտասարդութեան ներկայութեան համար:

Հանդիպումը սկսաւ  Տէրունական աղօթքով, ապա հանդիսութեան կազմակերպիչներէն երիտասարդ մը բացատրեց այս հանդիպումին իմաստը` չար ու չարիք սերմանող ներկայ դարուն կացութեան մասին: Ան հրաւիրեց ներկաները մօտենալու Յիսուսի եւ իրենց մտահոգութիւնները մէկ կողմ դնելով ապաւինելու միայն Աստուծոյ: Յայտարարուեցաւ քառորդ ժամի յոտնկայս աղօթքի պահ մը, երգեցողութեամբ, որ շարականներէ չէր կազմուած, այլ նոր յօրինումներէ:

Աղօթավար երիտասարդը ներկայացուց Պոլիսէն ժամանած էջմիածնական եկեղեցական գերշ. Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը եւ անոր ընկերակցող Պոլսոյ Եշիլգիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Տրդատ քահանայ Ուզունեանը:

Սահակ սրբազանը անծանօթ դէմք մը չէր ինծի համար. ան շաբաթական հերթականութեամբ կը դասախօսէր յատուկ յայտագիրով մը Հայաստանի «Հ1» պատկերասփիւռի կայանէն: Վերջերս չէի հանդիպեր անոր յայտագիրին, կ՛ափսոսայի, որ այդքան շինիչ դասախօս եկեղեցականը` Սահակ սրբազանը չէր տեսնուեր: Անակնկալը մեծ եղաւ, երբ «Ինծի ծանօթ» Սահակ սրբազանը բեմ հրաւիրուեցաւ խօսելու: Ի՛նքն էր, իր հնչեղ ձայնով եւ իմաստասիրական բանաձեւումներով: Իր հոգեւոր խօսքը ան կը համեմէր կեանքէն վերցուած օրինակներով, պարզ դրուագներով, որոնք բարոյախօսական սքանչելի դասեր էին: Ան խօսեցաւ 40 վայրկեան, երբեք չզգացինք ժամանակին սահիլը: Աստուած օգնական Սահակ սրբազանին, որ իր այդքան շինիչ խօսքերով Աստուածաշնորհ մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Ժամը 8:15-ին սկսած հանդիպումը տեւեց մինչեւ ժամը 10:00: Յայտագիրը շարունակուեցաւ հոգեւոր երգերով, զորս երգեցին սրահին կէսը գրաւած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Անոնց մէջ կային նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Ինծի համար անծանօթ երգեր էին` նուագի ընկերակցութեամբ: Սպասեցի, որ շարական մըն ալ կ՛ունկնդրենք («Քրիստոս ի մէջ», «Վարանիմք», «Նորահրաշ»):

Հոգեւոր այս խմբակներուն երգերը անծանօթ էին ինծի: Ներկաները երգեցին խանդավառութեամբ, որովհետեւ հաճելի երգեր էին, բայց ի՞նչ մեղք ունէին մեր շարականները…

Մեր արտայայտութիւնը մեղադրանք մը չնկատուի, այլ պարզապէս նկատողութիւն մը` մեր հոգեշնորհ աւանդութիւններէն չհեռանալու:

Այնքան ալ քաջալերական չէ Սալբի Քէլէշեաններու ստեղծած երաժշտութիւնը ներկայացնելը մեր եկեղեցական արարողութիւններուն ընթացքին:

Աւարտին խօսք առաւ Տրդատ քհնյ. Ուզունեան, որ իր շահեկան յորդորներով եւ իմաստուն խրատներով գոհաբանութիւն մը ներկայացուց:

Աղօթքի այս 2 ժամերէն ետք, երբ դուրս ելանք սրահէն, ընկերակից ընկերուհիս ըսաւ.

– Ի՞նչ էր ասիկա, շարական մըն ալ չերգեցին:  Երկու քայլ անդին, տակաւին դարպասին մէջ, բարեկամուհիներէս մէկը մօտեցաւ եւ ըսաւ.

– Սահակ սրբազանը հիանալի էր, բայց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աւանդութենէն բան մը բացակայ էր:

Ուրախացանք երիտասարդներու ներկայութեան, բայց այդ երեկոյ ճշմարտութիւնը բաներ մը փսփսաց մեր ականջներուն:

 

 

Նախորդը

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումը Համախմբեց 18 Վարժարաններէ Աւելի Քան 300 Աշակերտներ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.