Սպանական Պարսելոնա ակումբի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ յայտնեց, որ ինք դժգոհ է իր նկատմամբ համակիրներու վարմունքէն: Ան հաստատեց, որ այլեւս շատ զգուշ է մրցակիցներուն հետ իր խաղով եւ չ՛ուզեր որեւէ տեսակի բախում ըլլայ իր եւ ուրիշ խաղացողի միջեւ:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Այժմ ես շատ աւելի հանգիստ եմ: Հիմա գրեթէ որեւէ տեսակի բախում չեմ ունենար մրցակիցներուն հետ եւ պարզապէս արդար պայքար կը մղեմ գնդակին համար: Կը ցանկամ զերծ մնալ այսպիսի հարցերէ, սակայն կարգ մը համակիրներու վարմունքը եւ կարծիքը ինծի նկատմամբ անընդունելի է եւ զիս կը նեղացնէ»:
Նշենք, որ Սուարեզի այս խօսքերը մէջբերուեցան «Ֆութպոլ Էսփանիա»-ի կողմէ:


