Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Քաղաքական Ախորժակներ Եւ Յուսախաբութիւն Բուրող Խօսքեր

December 5, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1204_vahoԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի օր մշակոյթի եւ արուեստի մարզի գործիչներուն նախագահական մրցանակներու յանձնումի արարողութեան ընթացքին քննադատած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամները: Ան ըսած է. «Նայեցէ՛ք անգամ մը, այդ հինգ երկիրներն ալ քրիստոնեայ երկիրներ են, անոնց միջեւ մահմետական երկիր մը կա՞յ: Սուրիոյ մէջ աւելի քան 300 հազար հոգի մեռաւ: Միլիոնաւոր անձեր ստիպուեցան իրենց տուները լքել: Միջազգային ընտանիքն ու Ապահովութեան խորհուրդի այդ հինգ երկիրները յստակ որեւէ քայլ առի՞ն սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու համար»: Ան ըսել կ՛ուզէ, որ այդ երկիրները «քրիստոնեայ» ըլլալնուն համար անտարբեր կը մնան սուրիացի զոհերուն ու տեղահանուածներուն նկատմամբ, որոնք, ըստ նոր օսմանական սուլթանին, միայն իսլամներ են եւ անոնց մէջ քրիստոնեաներ չկան, եւ եթէ Ապահովական խորհուրդի մնայուն անդամներուն շարքին մահմետական երկիր մըն ալ ըլլար` իմա` Թուրքիան, կացութիւնը տարբեր պիտի ըլլար:

Էրտողան իսլամական աշխարհի ղեկավարը ըլլալու իր քաղաքական նպատակէն եւ ընտրական հաշիւներէն մեկնած կը նախընտրէ այդ զոհերն ու տեղահանուածները մահմետականներով սահմանափակել: Ան այդ նոյն տրամաբանութենէն մեկնած յայտարարեց, որ մահմետականները Քոլոմպոսէն առաջ յայտնաբերած են Ամերիկան: Այդ յայտարարութիւնը թերեւս աւելի տրամաբանական թուէր, եթէ ըսած ըլլար, թէ արաբները Քոլոմպոսէն առաջ յայտնաբերած են «աւետեաց երկիրը», սակայն այդ մէկը ըսելը ոչ միայն իր գործին պիտի չծառայէր, այլ հաւանաբար նաեւ ազգային արժանապատուութիւնը պիտի վիրաւորէր: Պէտք է նաեւ նշել, որ եթէ Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները քրիստոնեայ ըլլային եւ կրօնական դրդապատճառներով շարժէին, առնուազն քրիստոնեայ զոհերն ու տեղահանուածները պիտի փրկէին, սակայն մենք տեսանք, թէ Քեսապի ու Մաալուլայի մէջ եւ այլուր անոնք ինչպէս ձեռնածալ մնացին:

Էրտողան նաեւ յայտնած է. «Երբ մեզ տեսնեն, միայն կը շնորհաւորեն սուրիացի տեղահանուածները ընդունելու համար», ինչ որ մտածել կու տայ, որ ան ատոր համար վարձատրութիւն մը կ՛ակնկալէ, եւ յուսախաբ է, որ արեւմուտքցի պաշտօնատարները միայն «աֆերիմ» ըսելով ափով կը դափեն իր կռնակը:

 

Նախորդը

Լիբանանանայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Տարեցներու Մօտ Վհատութիւնը Յաղթահարելու Միջոցները» Նիւթով

Յաջորդը

Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը` Ի Պաշտպանութիւն «Նայիրիտ»-ի Աշխատակիցներուն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.