Այս շաբաթավերջին աւարտեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 13-րդ հանգրուանի խաղերը:
Ինը խաղերէն ամէնէն խորհրդանշականը եղաւ Պորուսիա Տորթմունտ -Այնթրախթ Ֆրանքֆուրթ ճակատումը, որ աւարտեցաւ 0-2 հաշուով` ի նպաստ Ֆրանքֆուրթի: Խորհրդանշական կ՛ըսենք, որովհետեւ այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Տորթմունտ տեղափոխուի ախոյեանութեան վերջին դիրք: Ասիկա վերջին անգամ պատահած էր 29 տարի առաջ` 1985-ին: Խաղի աւարտէն ետք, խումբի գլխաւոր մարզիչ Եուրկըն Քլոփ յայտարարեց, որ ինքզինք յանցաւոր կը նկատէ այս առնչութեամբ բայց նոյն ատեն յոյս կու տայ խումբին եւ համակիրներուն, որ շուտով պիտի տեսնեն անցեալի լաւ արդիւնքները:


