Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբի ղեկավարութիւնը որոշեց ապրիլ ամիսը իբրեւ վերջին ժամկէտ, որուն ընթացքին պիտի վճռէ Քոլոմպիացի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաոյի ճակատագիրը:
Յայտնենք, որ Ֆալքաօ Մոնաքոյէն փոխ տրուեցաւ Եունայթըտի եւ իր պայմանագրութեան մէջ կայ կէտ մը, որ իրաւունք կու տայ խաղացողին, տարեշրջանի աւարտին միանալու, անգլիական ակումբին, եթէ անշուշտ վերջինս համաձայն գտնուի:
Նշենք, որ Ֆալքաօ տարբեր վնասուածքներու պատճառով լաւ խաղարկութիւն չունեցաւ Եունայթըտի հետ եւ այս պատճառով արդէն իրեն պայմանաժամ ճշդուեցաւ փաստելու իր խաղարկութիւնը եւ կարողութիւնները:


