Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուիրեալները Չեն Մոռցուիր (Սագօ Սարգիսեանի Յիշատակին)

December 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

1203Sako-3«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՛հ , ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»:
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ

Յիշատակդ չի թառամիր, սիրելի՛ Սագօ, թէկուզ 3 տասնեակ տարիներ անցած են մահուանդ տխուր եւ հայութիւնը ցնցած օրէն:

Խումբ մը ճեմարանականներ եւ զաւարեանական ընկերներ այսօր եկած ենք շիրիմիդ վրայ խունկ ծխելու: Այո՛, չենք մոռցած քեզ. մեզի համար ներելի չէ մոռնալ քեզի նման նուիրեալ դաշնակցական ընկեր մը:

Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ 30 տարիներ առաջ մեզմէ յաւերժ բաժնուած նուիրեալ ընկեր մը: Նոր տարուան տօնական օրերու նախօրեակին էր, ձգելով կին ու զաւակներ, կուսակցական կարեւոր գործով  եկար այս հեռաւոր ափերը ու …չվերադարձար: Մահուանդ գոյժը հասաւ ընտանիքիդ, նաեւ` մեծ ընտանիքիդ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

«Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց

Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց»:

Քեռիի յիշատակին նուիրուած երգը անգամ մըն ալ երգեցինք քու յիշատակիդ:

1203Sako-1Սագօ Սարգիսեան:

Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Ազգային Սուրբ Նշան  վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը շարունակած էր Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ եւ վարելով Լսարանական միութեան ատենապետի պաշտօնը` պատանի տարիքին անոր մէջ ի յայտ եկած էր ղեկավարելու բացառիկ կարողութիւնը:

Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Պէյրութի ԱԼՊԱ (Académie Libanaise des Beaux Arts) համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած էր որպէս ճարտարապետ:

Անդամակցած էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն` վարելով խմբապետի պաշտօններ:

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան տարիներուն դարձեալ վարած է ատենապետի պաշտօնը:

Անցնելէ ետք ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը, եղած էր «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան անդամ:

Մասնակցած էր ՀՅԴ 21-րդ եւ 22-րդ Ընդհանուր ժողովներուն: Ընտրուած` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ստանձնած` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուի պաշտօնը:

Ամուսնացած էր Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն իրեն դասընկերուհի Զուարթ Սիւրմէլեանին հետ եւ ունեցած էր մանչ մը եւ դուստր մը:

1203Սագոյին-ՇիրիմըԻբրեւ ճարտարապետ` պատրաստած էր Անթիլիասի ճեմարանի առաջին մասնաշէնքին յատակագիծը, սակայն աւա՜ղ… համալիրը կառուցուեցաւ իր վաղաժամ մահէն ետք, եւ իր աչքերով չտեսաւ արդիւնքը իր արդար հպարտութեան:

Ընկերացանք, սակայն չմտերմացանք իրեն հետ:

Մեզմէ տարբեր էր: Մենք ազգայնասէր էինք, ինք` ԱԶԳԱՅՆԱՄՈԼ:

Մեր պատանեկութեան խենթ տարիներն էին, եւ այդ տարիքին, գրեթէ բոլորս, տարուած էինք «Պիթըլզ»-ներով ու Էլվիս Փրեսլիով, սակայն ինք մեզմէ աւելի հասուն էր: Տարուած էր Քրիստափորով, Ռոստոմով ու Զաւարեանով: «Շուքը ծանր» էր եւ` յարգանք պարտադրող անհատականութիւն մը, որ օժտուած էր ղեկավարելու յատկութեամբ:

Բառին իսկական առումով, նուիրեալ դաշնակցական մըն էր, եւ իր մէջ կ՛արտացոլար ապագայ ղեկավարը:

Ուսանողական օրերէն արդէն ստանձնած էր յանձնառու պաշտօններ, ապա դարձած` տիպար ու անշահախնդիր կուսակցական եւ եղած էր տարիքով ամէնէն երիտասարդ Բիւրոյի անդամներէն մէկը: Ստանձնելով ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի վարիչի պաշտօնը`  եղած է ՀԵԴ-ի անդամներուն սիրելին:  «Կայծեր» պարբերաթերթը շատ բան կը պարտի Սագոյին:

1971-ին Պիքֆայայի քայլարշաւին միտքն ու ոգին ի՛նք էր:

Ամէն տեղ էր` միշտ մնալով շուքի մէջ, ինչպէս վայել է իսկական խոնարհ հերոսի մը:

Խումբ-մը-ընկերներ-Սագոյի-Շիրիմին-առջեւ23  նոյեմբեր 2014:

Խումբ մը ճեմարանական եւ զաւարեանական ընկերներդ` եկած ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու, սիրելի՛ Սագօ: Կանգնած ենք Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր հողին վրայ, սակայն մեր յուշերով կը վերադառնանք Լիբանանի մէջ անցուցած մեր պատանեկութեան տարիները. կը յիշենք մեր երջանիկ ու խենթ ժամանակները, զաւարեանական օրերը, Պիքֆայայի քայլարշաւը եւ …մեր լիբանանեան բանակի փորձերու օրերը, երբ զինուորական ինքնաշարժներով մեզ կը տանէին «Շամունի դաշտ», մենք բոլորս կատակելով ու աղմկելով, իսկ դուն` անկիւն մը քաշուած, լուռ …Աստուած գիտէ` ի՜նչ ծրագիրներ կը մշակէիր:

Սիրելի՛ Սագօ,

Ծննդավայրէդ ու մայր հայրենիքէն հեռու, օտար հողին յանձնուած աճիւններդ այսօր շրջապատուած են քեզ սիրող ու յարգող ընկերներովդ:

Խունկ ու մոմ` քու անմար յիշատակիդ:

 

Լոս Անճելըս, 2014

 

Նախորդը

Հարիւրամեակի Նախօրեակին Եւ Վաղորդայնին Բանակցային Նպատակներ Կա՞ն

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հալէպը Միջազգային Ընտանիքի Ուշադրութեան Կիզակէտին…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.