«Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ զարգացման առնչութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու համար Յատուկ նշանակութեան յանձնախումբի առաջին աշխատանքային երկօրեայ ժողովը գումարուեցաւ ուրբաթ եւ շաբաթ` 28 եւ 29 նոյեմբեր 2014-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Ժողովին ներկայ էին «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Արեւմտահայերէնի տարածման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, յանձնախումբի խորհրդատուներ` Յարութիւն Քիւրքճեան, դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, եւ անդամներ Արա Վասիլեան, դոկտ. Թամար Գապագեան-Հաշէօլեան, դոկտ. Յակոբ Եագուպեան, Շաղիկ Խիւտավերտեան, Վարդուկ Պալըքճեան, Կրեկուար Գալուստ, եւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Քննարկուեցան յանձնախումբին կազմակերպական երեսակները, յառաջիկայ տարուան գործունէութեան աշխատանքային ծրագիրը եւ համապատասխան ժամկէտերը: Ժողովի աշխատանքները ընդգրկեցին լիբանանահայ վարժարաններուն ինքնարժեւորումի եւ առաւել բարելաւման գործընթացը եւ անկէ բխող յառաջիկային որդեգրուելիք ծրագիրները, յատկապէս` լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ արեւմտահայերէնի զարգացման վերաբերող նախաձեռնութիւնները: Մշակուեցան նաեւ գործնական քայլեր` յօգուտ վերոնշեալ առաջադրանքներու գործադրման:
«Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի լիբանանահայ վարժարաններուն ուղղուած աջակցութիւնը պիտի շարունակուի հիմնուելով վերոյիշեալ աշխատանքային ծիրին վրայ:
«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ
ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


