Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Մեծարանքի Երեկոյ Հայ Կաթողիկէ Քոյրեր Լորենցիա Գապաքեանի Եւ Թէոպիստէ -Մարի Պետրոսեանի

December 2, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1201_AinjarԿիրակի, 30 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային Տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոյր Լորենցիա Գապաքեանի եւ քոյր Թէոպիստէ-Մարի Պետրոսեանի մեծարանքի երեկոյ` իրենց երկարամեայ ծառայութեան առիթով:

Լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանուն ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսայի Հաւաթեան: Ան անդրադարձաւ քոյրերուն  երկարամեայ ծառայութեան կրթական, եկեղեցական եւ ազգային ծիրին մէջ:

Ան յայտնեց, որ քոյրերը իրենց կեանքը նուիրած են հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին` ճիգ չխնայելով նոր սերունդի դաստիարակութեան համար: Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն հայ ժողովուրդին, ծառայող կուսակցութիւնն է եւ երբեք զարմանալի չէ, որ ան կ՛ուզէ մեծարել ազգին եւ եկեղեցիին ծառայած հայ քոյրերը:

Բացման խօսքէն ետք Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» ասմունքով հանդէս եկաւ  Արփա Սնապեան-Անտոնեան:

Այնուհետեւ Լալիկ Խօշեան եւ Անժել Քէշիշեան ներկայացուցին քոյրերուն երկարամեայ կեանքին տարբեր հանգրուանները` անդրադառնալով անոնց ծառայութիւններուն` մասնաւորապէս հայ եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ:

Ապա Լալէ Անտոնեան սրինգի վրայ ներկայացուց Պախէն կտոր  մը:

Օրուան պատգամախօս, Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան ըսաւ, թէ ինք երկու քոյրերուն խոնարհութեան արարքը կը սահմանէ չորս բառերով` աղօթք, նուիրում, աշխատանք եւ հաւատարմութիւն, իմացութիւններ, որոնք քոյրերը սորվեցան եւ իւրացուցին իրենց հայանուէր միաբանութեան մէջ` զանոնք բծախնդրօրէն ապրելու եւ անձնուիրաբար կիրարկելու իրենց կեանքով ու գործունէութեամբ հայ ազգին փոքր ածուին մէջ, այս փառապանծ ժողովուրդին աշխարհասփիւռ զաւակներուն համար:

Ան անդրադարձ կատարեց Հայ կաթողիկէ քոյրերու միաբանութեան կատարած ազգանուէր գործին` բարձր գնահատելով երկու մուսալեռցի քոյրերուն ունեցած ներդրումը եկեղեցական եւ կրթական կեանքին մէջ յաջորդաբար 60 եւ 70 տարիներու ընթացքին: Անոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են հայ եկեղեցւոյ եւ մատղաշ սերունդի կրթութեան աստուածահաճոյ գործին: Վարդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին մեծարանքի այս ձեռնարկը կազմակերպելու համար:

Ան Շնորհաւորելով մեծարեալ քոյրերը, ան մաղթեց իրենց արեւշատութիւն եւ յարատեւութիւն:

Օրուան պատգամէն ետք Լալէ Անտոնեան սրինգով ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանէն կտոր մը:

Հայր Ալիշան Աբարդեան ընթերցեց քոյրերու մեծարանքի ձեռնարկին առիթով հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ ուղարկուած կոնդակները, որոնք բարձր կը գնահատէին քոյրերուն երկարամեայ ծառայութիւնը:

Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին անունով Լալիկ Խօշեան եւ Ռիթա Լագիսեան քոյրերը պատուեցին Մուսա լերան յուշարձանի պատուոյ  շքանշանով:

Ձեռնարկի աւարտին քոյր Թէոպիստէ-Մարի Պետրոսեան շնորհակալական խօսք ուղղեց այն բոլոր անձերուն եւ միութիւններուն, որոնք աշխատանք տարած էին կազմակերպելու սոյն ձեռնարկը եւ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ներկայ կը գտնուէին մեծարանքի երեկոյին: Ան յիշելով իր կոչումը եւ ծառայութեան տարիները` ըսաւ, թէ ինք շատ ուրախ կը զգայ ծառայած ըլլալուն համար Աստուծոյ, ազգին եւ հայրենիքին:

Ձեռնարկի աւարտին  տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, որմէ ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան` կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ կաթողիկէ տիկնանց միութեան:

 

Նախորդը

Անդրանիկ Ծառուկեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Մուշեղ Իշխանի Եւ Օննիկ Սարգիսեանի 100-Ամեայ Յոբելեաններու Նշում

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.