Անցնող շաբաթավերջին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, շաբաթ օր տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւն` մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը:
Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:15-ին, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, առաջնորդ սրբազանը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ, սրբազանը անդրադարձաւ մեր եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն եւ անոնց տարած աշխատանքին` քրիստոնէութեան տարածման գործին մէջ: Ան մաղթեց, որ մեր կեանքը ապրինք Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պատգամած սկզբունքներով եւ քրիստոնէական առաքինութիւններով, այլապէս եկեղեցւոյ փոխանցածը արժէք չի ներկայացներ:
«Իմ աղօթքս է, որ առաքեալներուն հաւատքն ու կեանքը ներթափանցէ մեր մէջ եւ գիտակցինք, որ հաւատքը աշխատանքով կ՛ամրանայ եւ զայն կիրարկելով մեր շուրջ քրիստոնէական կեանք կը ստեղծենք», հաստատեց առաջնորդ սրբազան հայրը` մաղթելով, որ Աստուած անսասան պահէ հայ եկեղեցին, հզօր եւ խաղաղ կեանք պարգեւէ մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` եկեղեցւոյ բարերարներուն, քահանայ հայրերուն եւ ծառայողներու յիշատակին: Այնուհետեւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:


