Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Իրանի Դիւանագիտական Ձեռքբերումն Ու Քոնկրեսի Պատասխանը

November 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1125_vaho24 նոյեմբերին աւարտեցաւ Վիեննայի մէջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու ժամկէտը, սակայն բանակցութիւնները երկարաձգուեցան. «քաղաքական համաձայնութեան» ժամկէտը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 1 մարտ 2015, իսկ վերջնական համաձայնութեան ժամկէտը` մինչեւ յունիս 2015-ի աւարտը: Այլ խօսքով` 24 նոյեմբերին Ժընեւի մէջ գոյացած «ժամանակաւոր համաձայնութիւնը», որ արդէն 19 յուլիս 2014-ին երկարաձգուած էր, 2-րդ անգամ ըլլալով երկարաձգուեցաւ, սակայն այս անգամ այն տարբերութեամբ, որ Իրան իւրաքանչիւր ամիս իր սառեցուած գումարներէն պիտի ստանայ 700 միլիոն տոլար` առանց փոխզիջում մը կատարելու:

Իրանի արձանագրած դիւանագիտական այս ձեռքբերումը զայրացուց Իսրայէլին զօրակցող քոնկրեսականները, որոնք Օպամային յղեցին զեկուցում մը` պահանջելով յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել Իրանի դէմ եւ սպառնալով մերժել Իրանի հետ գոյացած որեւէ «վատ ու վտանգաւոր համաձայնութիւն», արտայայտութիւն մը, որ բազմիցս օգտագործուած է Իսրայէլի ղեկավարութեան կողմէ:

Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու որդեգրումը կրնայ վիժեցնել բանակցութիւնները, որովհետեւ խզում մը պիտի ըլլայ Ժընեւի միջանկեալ համաձայնութեան, ըստ որուն, Իրան մասամբ կը սառեցնէ իր հիւլէական ծրագիրը, իսկ փոխարէնը կը նուազեցուին անոր դէմ տնտեսական պատժամիջոցները: Բանակցային հոլովոյթին այլընտրանքը վերադարձն է Իրանի հիւլէական կայանները հարուածելու իսրայէլեան սպառնալիքներուն, այլ խօսքով` նախապատերազմեան լարուած մթնոլորտի վերակենդանացումը, բան մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմի լոյսին տակ ոչ ոք կը փափաքի: Ուստի Քոնկրեսին կողմէ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատող որոշումի մը որդեգրման պարագային Օպամա անոր դէմ վեթօ պիտի կիրարկէ: Քոնկրեսականները իրենց կարգին կրնան Իրանի հետ համաձայնութեան գործադրութիւնը արգելակել, մասնաւորաբար, երբ Թեհրանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան վերաբացման եւ դեսպանի նշանակման պահը գայ:

Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան արձանագրած ընտրական յաղթանակն ու քոնկրեսականներու նեղմիտ հաշիւները Իրանի հիւլէական թղթածրարի խաղաղ լուծման համար յաւելեալ դժուարութիւն ստեղծեցին եւ այդպիսով նուազեցուցին լոյսի եւ յոյսի նշոյլներու ծարաւ եղող բազմաչարչար շրջանին մօտ լաւատեսութեան արդէն իսկ ցած համեմատութիւնը:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.