
Ազրպէճանի կողմէ 12 նոյեմբերին կործանած հայկական ուղղաթիռի անձնակազմի 3 զոհուած անդամներուն հոգեհանգստեան արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցած է Նոր Նորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ պաշտօնատարներ Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն:
Այսօր, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 13:00-ին, զոհուած օդաչուներուն աճիւնները Ս. Սարգիս եկեղեցիէն կը տեղափոխուին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, ուր տեղի պիտի ունենայ զինուորական արարողակարգով յուղարկաւորութիւնը:
Նշենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին մօտենալով զոհուած օդաչուներէն մէկուն մօր ըսած է. «Կը ներես, որ չկրցանք փրկել»:


